Հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ, 2-րդ միջին կարգի WBO-ի վարկածով աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ կը շարունակէ նախապատրաստուիլ յաջորդ մենամարտին:
Աբրահամի յաջորդ մենամարտը տեղի պիտի ունենայ 21 նոյեմբերին, Հանովըր քաղաքի (Գերմանիա) “TUI Arena»-ին մէջ: Անոր մրցակիցն է 33 տարեկան անգլիացի Մարթին Միւրէյ:
ArmSport.am կայքը կը հաղորդէ, որ այս մենամարտը 22 նոյեմբերին պիտի ցուցադրուի Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի կայանէն, ուղիղ հեռարձակումով, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 1:20-ին: