
Լիբանանի հրացանաձգութեան կրտսերներու խումբը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Քուէյթի մէջ տեղի ունեցած Ասիոյ կրտսերներու հրացանաձգութեան ախոյեանութեան, մեծ իրագործում մը կատարեց, երբ հանդիսացաւ առաջին` տիրանալով 1 ոսկի, 1 արծաթ եւ 1 պրոնզ մետալի:
Էտմոն Ժալըխ, Փաթրիք Աքուրի եւ Մարք Պրէյտի ապահովեցին ոսկի մետալ (կրտսերներ), Ռէյ Պասիլ տիրացաւ արծաթ մետալին, մինչ կրտսերներու պրոնզ մետալին տիրացաւ Փաթրիք Աքուրի:


