Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Նորվեկիա – Հունգարիա երթի մրցումը:
Հիւր կազմը 1-0 արդիւնքով կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ Լասլօ Քլենհայսլըրի նշանակած կոլին շնորհիւ (26-րդ) պարտութեան մատնեց Նորվեկիան:
Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 15 նոյեմբերին, Հունգարիոյ մէջ:
Ինչ կը վերաբերի այսօրուան մրցումին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 21:45-ին Պոսնիա պիտի հիւրընկալէ Իրլանտան: