13-15 նոյեմբերին Սլովաքիոյ մայրաքաղաք Պրաթիսլաւայի մէջ տեղի կ՛ունենայ Եւրոպայի ժիւտոյի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութիւնը:
Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ այս ախոյեանութեան Հայաստան պիտի մասնակցի 3 մարզիկով:
Հայրենի կազմին մարզիկներն են` Յովհաննէս Ալեքսանեան, Գարիկ Յարութիւնեան (60 քկ) եւ Դաւիթ Նիկողոսեան (73 քկ):
Այս ախոյեանութեան կը մասնակցին աւելի քան 300 մարզիկներ: