
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ Լոս Անճելըս Լէյքըրզի համար եղաւ պարտութեան այլ օր մը` նկատի ունենալով, որ ան կրեց տարեշրջանի իր 7-րդ պարտութիւնը, այս անգամ` Օրլանտօ Մեճիքէն, երկու կէտի տարբերութեամբ միայն` 101-99 արդիւնքով:
Իր կարգին, 2 կէտի տարբերութեամբ` 95-93 արդիւնքով իր հիւրէն` Շարլոթ Հոռնեթցէն պարտութիւն մը կրեց Նիւ Եորք Նիքս: Նիքսի մարզիկներէն Քարմելօ Անթոնի նշանակեց 29 կէտ:
Տալասի մէջ Մավըրիքս 118-108 արդիւնքով յաղթեց Լոս Անճելըս Քլիփըրզին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Տըրք Նովիթցքի նշանակեց 31 կէտ:
Նշենք, որ ցարդ տեղի ունեցած մրցումներէն ետք Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ կը հանդիսանայ այն միակ խումբը, որ պարտութեան համը չէ ճաշակած եւ իր կատարած 9 մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտած է:
Անոր հակապատկերն է Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ, որ իր կատարած 8 մրցումներուն ալ պարտուած է եւ ցարդ կը մնայ առանց յաղթանակի:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Շարլոթ Հոռնեթց – Նիւ Եորք Նիքս | 95-93 |
Օրլանտօ Մեճիք – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ | 101-99 |
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ | 119-103 |
Ինտիանա Փէյսըրզ – Պոսթըն Սելթիքս | 102-91 |
Աթլանթա Հոքս – Նիւ Օրլինզ | 106-98 |
Տալաս Մավըրիքս – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ | 118-108 |
Նիւ Ճըրզի Նեթց – Հիուսթըն Ռոքեթց | 106-98 |
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ | 100-84 |
Տենվըր Նակեթց – Միլուոքի Պաքս | 103-102 |
Սաքրամենթօ Քինկզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ | 101-92 |
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ | 113-101 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Մայեմի Հիթ – Եութա Ճեզ
Մինեսոթա Վուլվզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Ֆէօնիքս Սանզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ