Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր երեկոյեան ժամը 21:00-ին տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Պէյրութ – Քուրա Թատրիպ բացման մրցումը, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ):
ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, Ա. հանգրուանին յաղթանակ արձանագրեց, մինչ Բ. հանգրուանին մրցում չկատարեց:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը իր մրցումը կը կատարէ կիրակի, 15 նոյեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին Սատաքայի դաշտին վրայ մրցելով Ռաուտա Տըքուանէի դէմ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, արձանագրած է հաւասարութիւն մը եւ յաղթանակ մը: