Ա. Սէ. Միլանի յառաջապահ Մարիօ Պալոթելլի մինչեւ այս շաբաթավերջ պիտի ենթարկուի վիրաբուժութեան, յայտնեց իտալական «Լա Կազեթթա Տելլօ Սփորթ» թերթը:
Իտալացի յառաջապահը վիրաւորուեցաւ Նափոլիի դէմ տեղի ունեցած «Քալչիօ»-ի մրցումին:
25 տարեկան Պալոթելլի այս տարեշրջանին իր ակումբին հետ կատարեց 4 մրցում («Քալչիօ»)` նշանակելով կոլ մը: