7×7 Ֆութպոլը Փարալիմփիքի Խաղերուն Մաս Պիտի Չկազմէ
Միջազգային Փարալիմփիքի կոմիտէն մերժեց 2020-ին տեղի ունենալիք Փարալիմփիքի խաղերուն մարզաձեւերուն քանակը այլ մարզաձեւով մը աւելցնել, ինչ որ առաջարկուած էր միջազգային մարզաձեւերու ֆետերասիոնին կողմէ: Նախնական տուեալներուն համաձայն, Փարալիմփիքի կոմիտէն 2020-ին Թոքիոյի մէջ տեղի ունենալիք խաղերուն համար ընդգրկած էր 22 մարզաձեւ: 23-րդ մարզաձեւը պէտք էր ըլլար 7x7 ֆութպոլը: Սակայն ատիկա մերժուեցաւ Փարալիմփիքի կոմիտէին կողմէ: Նշենք, որ Փարալիմփիքի խաղերը տեղի պիտի ունենան 25...

