Շաբաթ, 14 նոյեմբերին, կը սկսի Հայաստանի ֆութսալի 2015-2016 տարեշրջանի ախոյեանութիւնը:
Ախոյեանութեան սկիզբէն առաջ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` ախոյեանութեան մասնակցող եօթը խումբերուն ներկայացուցիչներուն հետ:
Այս հանդիպումին ներկայ էին մրցումներուն հսկող ֆետերասիոնին անդամները:
Քննարկուեցան կազմակերպչական բազմաթիւ հարցեր, որոնք կը վերաբերին ֆութսալի ախոյեանութեան կայացման կանոնագիրին, մարզասրահներուն վիճակին, իրաւարարներուն, հսկիչ անձերուն աշխատանքին, մրցումներուն կազմակերպման եւ ֆութպոլիստներուն փոխանցման հետ:
ԱՅԼ ԳԵՏՆԻ վրայ, վերջերս տեղի ունեցան «ՓՐՕ» արտօնագիրի դասընթացքները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ 13 մարզիչները.
Արթուր Պետրոսեան (Ցիւրիխ), Արամ Ոսկանեան (Բանանց), Վարուժան Սուքիասեան (Արարատ), Վահէ Եաղմուրեան (Արարատ), Կարէն Բարսեղեան (Արարատ), Սարգիս Յովսէփեան (Փիւնիկ), Արարատ Օսէեան (Փիւնիկ), Անդրանիկ Զանազանեան (Բանանց), Արթուր Ոսկանեան (Բանանց), Ֆելիքս Խոջոյեան (Շիրակ), Լիանա Հայրապետեան (Հայաստանի աղջկանց 17 տարեկանէն վար հաւաքական), ինչպէս նաեւ Տիգրան Եսայեան եւ Ժոլթ Հոռնեաք: