Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացաւ Ինժեներ խումբը, որ աւարտականին 110-68 արդիւնքով յաղթեց ՖԻՄԱ խումբին, Երրորդ հանդիսացաւ Ստեփանակերտի խումբը:
Բաղդատմամբ նախորդ տարուան այս տարի 8-ի փոխարէն ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 6 խումբեր, եւ այդ պատճառով ալ ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ շրջանաձեւ դրութեամբ:
Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Վահագն Յարութիւնեան ըսաւ, որ աւարտականի այս մրցումին կէտերու տարբերութիւնը եղաւ քիչ մը շատ, պարզ այն պատճառով, որ երկու կազմերուն միջեւ տարիքի տարբերութիւնը բաւական մեծ էր: