ArmSport.am կը հաղորդէ, որ 17 նոյեմբերին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 21:45-ին, Հայաստանի 21 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը, Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար 2017-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ պիտի կատարէ իր վեցերորդ մրցումը` հիւրը ըլլալով Դանիոյ:
Այս մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ իսլանտացի Թորոտուր Հիալթայինի, մինչ անոր օգնականները` անոր ազգակիցները: