Հայաստանի հաւաքականին աջակցող Առաջին հայկական ճակատ (ՖԱՖ) շարժումը նախորդ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ աշխարհի տարբեր անկիւններէն հայկական ֆութպոլի համակիրները զօրակցութիւն կը յայտնեն ՖԱՖ-ի 3 պահանջներուն:
Վերջին շրջանին ՖԱՖ բաւական զայրացած կը թուի ըլլալ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին արձանագրած արդիւնքներէն եւ ատկէ մեկնելով Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին 3 պահանջներ ներկայացուցած էր:
Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շարժումի հիմնադիրներ Սերկէյ Ջանջոյեան եւ Արսէն Զաքարեան նշեցին, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ինքն է պատասխանատուն արձանագրուած ձախող արդիւնքներուն եւ պատճառ կը դառնայ, որ հայկական ֆութպոլը մահանայ:
Առաջին պահանջը կ՛ըսէ, որ նոր գլխաւոր մարզիչը պէտք է ըլլայ օտար, արհեստավարժ եւ տայ ինքնուրոյն որոշումներ:
Երկրորդ պահանջը կապուած է հաւաքական չհրաւիրուող ֆութպոլիստներուն, որոնց կարգին` Արտակ Դաշեան, Մաուրօ Գեւգէօզեան, Տենիս Թումասեան եւ ուրիշներ:
Վերջապէս, երրորդ եւ վերջին կէտով, ՖԱՖ կը պահանջէ, որ տոմսակներուն գիները նուազին, որովհետեւ անոնք բաւական սուղ են: