
11-18 նոյեմբերին Ճաքարթայի մէջ (Ինտոնեզիա) տեղի կ՛ունենայ Ու-շուի 2015-ի աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն բազմաթիւ երկիրներու ներկայացուցիչները, որոնց կարգին` Լիբանան:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ՀՄԸՄ Անթիլիասի մաս կազմող միջազգային իրաւարար Աւետիս Սերոբեան եւ Աւօ Մանճեան, որոնք բնականաբար նախ կը ներկայացնեն Լիբանանը, երկրորդ` լիբանանահայութիւնը:
Յաջողութիւն կը մաղթենք երկու հայորդիներուն, որոնք անկասկած բարձր պիտի պահեն լիբանանահայութեան անունը: