Իտալական «Քորիերէ Տելլօ Սփորթ» օրաթերթը կը յայտնէ, որ 2015-2016 տարեշրջանին աւարտէն ետք Ա. Սէ. Միլան դարձեալ կ՛ուզէ իր կազմին միացնել ակումբի նախկին մարզիկ Զլաթան Իպրահիմովիչը:
Շուէտացի մարզիկը նախապէս Միլանօ քաղաքին հետ ելոյթ ունեցած է 2010-2012 տարիներուն` իր կազմին հետ հանդիսանալով երկրի ախոյեան:
Նշենք, որ նախորդ ամրան իտալական ակումբը դարձեալ փորձած էր ձեռք ձգել իր նախկին մարզիկը, սակայն չէր յաջողած համաձայնութեան գալ անոր ակումբին` Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ: