Միջազգային Փարալիմփիքի կոմիտէն մերժեց 2020-ին տեղի ունենալիք Փարալիմփիքի խաղերուն մարզաձեւերուն քանակը այլ մարզաձեւով մը աւելցնել, ինչ որ առաջարկուած էր միջազգային մարզաձեւերու ֆետերասիոնին կողմէ:
Նախնական տուեալներուն համաձայն, Փարալիմփիքի կոմիտէն 2020-ին Թոքիոյի մէջ տեղի ունենալիք խաղերուն համար ընդգրկած էր 22 մարզաձեւ: 23-րդ մարզաձեւը պէտք էր ըլլար 7×7 ֆութպոլը:
Սակայն ատիկա մերժուեցաւ Փարալիմփիքի կոմիտէին կողմէ:
Նշենք, որ Փարալիմփիքի խաղերը տեղի պիտի ունենան 25 օգոստոսէն 6 սեպտեմբեր 2020-ին, Ճափոնի մէջ: