Մարզական

«Պունտըսլիկա». Այսօր` Համպուրկ – Պորուսիա Տորթմունտ

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 13-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, այսօր Համպուրկ (11-րդ) կը հիւրընկալէ Պորուսիա Տորթմունտը (2-րդ): Տորթմունտ այժմ 5 կէտով ետ է պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պայէրն Միւնիխէն, որ ցարդ անպարտելի է: Այսօրուան այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:  

Ռոնալտօ Պիտի Հանդիպի Ահաբեկչութեան Պատճառով Որբ Մնացած Լիբանանցի Մանուկ Հայտարին

Հինգշաբթի, 12 նոյեմբերին, Պըրժ Պարաժնէ շրջանին մէջ ահաբեկչութեան զոհ գացին աւելի քան 50 անձեր, մինչ շուրջ 250 ուրիշներ վիրաւորուեցան: Լիբանանցի լրագրող Ռանա Հարպի «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ հրապարակած է լուսանկարը այդ ահաբեկչութեան պատճառով որբ մնացած 3 տարեկան Հայտարի (որ կորսնցուց իր հայրն ու մայրը), որ հագած էր Ռէալ Մատրիտի մարզաշապիկը եւ ամէն գնով կը ցանկար տեսնել Քրիսթիանօ Ռոնալտոն: Այս լուրը...

Ըստ Սերկէյ Ջանջոյեանի Փոխանցած Տեղեկութիւններուն. Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականի Նոր Գլխաւոր Մարզիչը Կրնայ Դառնալ Վարուժան Սուքիասեան

Վարուժան Սուքիասեան TotalFootball.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նոր գլխաւոր մարզիչը կրնայ դառնալ Արարատ Երեւանի այժմու գլխաւոր մարզիչ Վարուժան Սուքիասեան: Այս մասին լրագրողներուն հետ իր զրոյցին ընթացքին յայտնեց հաւաքականին համակիրներու ՖԱՖ շարժումի հիմնադիր անդամ Սերկէյ Ջանջոյեան: «Ըստ մեզի հասած տեղեկութիւններուն, ան կրնայ նշանակուիլ նոր գլխաւոր մարզիչ: Մենք կը յարգենք զինք, բայց անոր որակները մեզի չեն...

«Էն. Պի. Էյ.». Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ Կրեց Իր 12-րդ Յաջորդական Պարտութիւնը

Ռասըլ Ուեսթպրուք Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն միակ  խումբն ըլլալով ցարդ ոչ մէկ յաղթանակ արձանագրած է, կրեց իր 12-րդ յաջորդական պարտութիւնը, այս անգամ Ինտիանա Փէյսըրզէն` 112-85 արդիւնքով: Երէկուան մրցումներուն Ռասըլ Ուեսթպրուք նշանակեց ամէնէն շատ կէտը (43), երբ անոր կազմը` Օքլահոմա Սիթի, 110-103 արդիւնքով յաղթեց Նիւ Օրլինզի: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Շարլոթ Հոռնեթց - Պրուքլին Նեթց 116-111...

Պիւֆոն Կրնայ Բացակայիլ Ա. Սէ. Միլանի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումէն

Եուվենթուսի եւ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն շատ հաւանաբար չկարենայ մասնակցիլ այս շաբաթավերջին Ա. Սէ. Միլանի դէմ կատարուելիք «Քալչիօ»-ի 13-րդ հանգրուանի մրցումին: Ան թեթեւօրէն վիրաւորուեցաւ քանի մը օր առաջ, Ռումանիոյ դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին (2-2):  

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան Պարգեւատրեց Գէորգ Ալթունեանը

Ուրբաթ, 13 նոյեմբերի յետմիջօրէին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին մէջ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան պարգեւատրեց Համահայկական 6-րդ խաղերու ոսկի մետալի տիրացած ախոյեան ՀՄԸՄ-ական հեծելանւորդ Գէորգ Ալթունեանը, ներկայութեամբ Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեանի եւ Համահայկական խաղերու Պուրճ Համուտի պատուիրակութեան ղեկավար, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ Վաչէ Ծատուրեանի: Նշենք, որ Գէորգ Ալթունեան այս տարուան օգոստոսին Երեւանի մէջ կայացած Համահայկական խաղերուն ապահոված էր Լիբանանի առաջին ոսկի մետալը` մասնակցելով...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Շաբաթասկիզբին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը իր կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ էլ Տիպ) գումարեց իր շաբաթական ժողովը` գլխաւորութեամբ նախագահ Ուալիտ Նասսարի եւ ֆետերասիոնին անդամներուն: Յայտարարուեցաւ, որ շաբաթ, 28 նոյեմբերէն սկսեալ կը սկսի Լիբանանի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքը, մասնակցութեամբ` 14 խումբերու (եօթը խումբերը` Ա. դասակարգէն): Անիկա պիտի երկարի մինչեւ շաբաթ, 12 դեկտեմբեր: Յայտարարուեցաւ, որ շաբաթ, 19 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի գերբաժակի մրցաշարքին մրցումը, Լիբանանի...

Քարթինկի Մրցում` ՀՄԸՄ Անթիլիասի Պասքեթպոլի Աղջկանց Խումբին Մարզիկներուն Միջեւ

Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով «Ար. Փի. Էմ.-Քարթինկ»-ի վազքուղին (Մթէյն) հիւրընկալեց ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի խումբին մարզիկները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին քարթինկի մրցումին: Անշուշտ անոր իրենց մասնակցութիւնը չբերին բոլոր մարզիկները, այլ անոնք, որոնք վարժ են քարթինկի ինքնաշարժ վարելու: Բայց եւ այնպէս, բոլորն ալ իրենց ներկայութեամբ, քաջալերեցին իրենց խմբակիցները եւ ստեղծեցին բաւական լաւ մթնոլորտ մը: Աւարտին, Լէյլա Ֆարես տիրացաւ տիտղոսին,...

Եուրօ-2016. Յստակացան Ախոյեանութեան Մասնակցող 24 Խումբերը

21 դեկտեմբեր 2015-ին, Ֆրանսայի մայրաքաղաք` Փարիզի մէջ, տեղի պիտի ունենայ Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը: Այս ախոյեանութեան մասնակցող 24 խումբերը յստակացան նախանցեալ օր տեղի ունեցած փլէյ-օֆի դարձի մրցումներուն լոյսին տակ: Արդիւնքները տուին հետեւեալ պատկերը (փակագիծերուն մէջ` երթի մրցումներուն արդիւնքները, մինչ գլխագիրով նշուած խումբերը, ապահովեցին Ֆրանսայի մէջ տեղի ունենալիք ախոյեանութեան իրենց տոմսը). Դանիա - ՇՈՒԷՏ (1-2) 2-2 Սլովենիա - ՈՒՔՐԱՆԻԱ...

Ճատրակ. Եւրոպայի Խմբային Ախոյեանութիւն.  Հայաստան – Իտալիա` 2-2. Հայաստան – Սերպիա` 1-3

Ճատրակ. Եւրոպայի Խմբային Ախոյեանութիւն. Հայաստան – Իտալիա` 2-2. Հայաստան – Սերպիա` 1-3

Իսլանտայի մայրաքաղաք Ռէյքիաւիքի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան ծիրին մէջ Հայաստանի տղոց հաւաքականը, 5-րդ հանգրուանին մրցեցաւ Իտալիոյ դէմ: Այս ճակատումը աւարտեցաւ 2-2 հաւասարութեամբ: Լեւոն Արոնեան յաղթանակ մը արձանագրեց, Հրանդ Մելքումեան եւ Կարէն Գրիգորեան` հաւասարութիւններ, մինչ Սերկէյ Մովսիսեան պարտութիւն մը կրեց: Այս մրցումէն ետք, Հայաստանի հաւաքականը, որ ապահոված է 6 կէտ, 3 կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ...

«Էն. Պի. Էյ.». Սթեֆըն Քարի Նշանակեց 37 Կէտ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան եօթը ճակատումներ: Այս մրցումներուն ամէնէն աւելի շատ կէտը նշանակեց Սթեֆըն Քարի (37 կէտ), երբ անոր կազմը` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, 115-110 արդիւնքով յաղթեց Թորոնթօ Ռեփթըրզի: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ - Միլուոքի Պաքս 115-86 Պրուքլին Նեթց - Աթլանթա Հոքս 90-88 Տիթրոյիթ Փիսթընզ - Քլիվլենտ Քաւալիրզ 104-99 Մայեմի Հիթ - Մինեսոթա Վուլվզ...

Տաւիտ Ֆերնանտես Պորպալան` Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա Մրցումին Կեդրոնի Իրաւարարը

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյանութեան մրցումներուն ամէնէն յատկանշական եւ իւրայատուկ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վրայ, ուր պիտի կատարուի Ռէալ Մատրիտ - Պարսելոնա ճակատումը: «ԱՍ» սպանական մարզաթերթը երէկ նշեց, թէ այս մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարար նշանակուած է Տաւիտ Ֆերնանտես Պորպալան: Ան, երկու այլ իրաւարարներու` Միկել Մաթէօ Լաոսի եւ Քարլոս Քլոս Կոմեսի հետ, փորձերու ենթարկուած է` Սպանիոյ...

ՀՄԸՄ-«ԼԵՎԱՄ». «Քիտծ Աթլեթիքս»-ի Մրցաշարք` ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» Մարզադաշտին Վրայ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած «Քիտծ Աթլեթիքս»-ի մրցաշարքը տեղի ունեցաւ կիրակի, 15 նոյեմբեր 2015-ին առաւօտեան ժամը 8:30-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 13:00, ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ: Մրցաշարքին ներկայ էին 48 աշակերտուհիներ եւ 63 աշակերտներ, որոնք կը ներկայացնէին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան, Ազգային Ս. Խանամիրեան, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ - Հարպոյեան, Հայ...

Լիբանանի 2015-ի Թրիաթլոնի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Մարզիկը` Լիբանանի Ախոյեան

Պետիկ Լոճիկեան ձախին եւ Մ. Պաղտատի Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուիի, կիրակի, 15 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Լիբանանի 2015-ի Թրիաթլոնի ախոյեանութիւնը` Մինայի շրջանին մէջ, Թրիփոլի: Եասեր Ապպուշի, որ կը ներկայացնէր նախարար Հըննաուին, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի ներկայացուցիչին հետ տուաւ մրցումին ազդանշանը: Մրցումը կէս ողիմպիական էր, որ կ՛ընդգրկէր 750 մեթր լողարշաւ,...

Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 170 Հեծելանւորդներու.  Հեծելարշաւի Տարիքային Մրցաշարք` Պուրճ Համուտի Փողոցներուն Մէջ

Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 170 Հեծելանւորդներու. Հեծելարշաւի Տարիքային Մրցաշարք` Պուրճ Համուտի Փողոցներուն Մէջ

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 80-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, կիրակի, 15 նոյեմբեր 2015-ի առաւօտեան, Պուրճ Համուտի մայր փողոցներուն մէջ տեղի ունեցաւ հեծելարշաւի մրցաշարք մը` կազմակերպութեամբ մասնաճիւղի վարչութեան: Պուրճ Համուտի փողոցները այս առիթով փակուած էին, եւ հանրութիւնը տօնական մթնոլորտի մէջ կը սպասէր մրցումի սկիզբին: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 170 մանուկներ, պատանիներ, երիտասարդներ եւ երէցներ: Տեղին է նշել, որ...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքները: Հրապարակուեցաւ նաեւ այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը, որ պիտի ընթանայ հետեւեալ ժամանակացոյցով. Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 5-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ՈՒՐԲԱԹ, 20 ՆՈՅԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Նըժմէ - Սաժես 15:30 Պուրճ Համուտ Սալամ Զղարթա - Անսար 15:30 Զղարթա ՇԱԲԱԹ, 21 ՆՈՅԵՄԲԵՐ     Նեպի Շիթ - Սաֆա 15:30 Նեպի Շիթ...

Հայ Ըմբիշը Առաջին Ոսկի Մետալը Ապահովեց Պրազիլի Եւ Կը Մասնակցի «Ռիօ-2016»-ին

Երեւանի մէջ ծնած եւ Հայաստանի ախոյեանութիւններուն ընթացքին մրցանակակիր դարձած յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, գերծանր` 130 քկ դասակարգին մասնակցած 25 տարեկան Էդուարդ Սողոմոնեան, որ վերջին տարիներուն բնակութիւն հաստատած է Պրազիլի մէջ եւ եղած անոր քաղաքացին, հանդիսացաւ Պրազիլի ախոյեան: Անոր այս յաջողութիւնը Պրազիլի համար առաջին ոսկի մետալը ապահովելէ բացի, անոր իրաւունք տուաւ Պրազիլը ներկայացնելու 2016-ին Ռիօ Տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունենալիք ողիմպիական խաղերուն:

«Այս Մարզիչին Հետ Մենք Ոչ Մէկ Խաղի Կրնանք Յաղթել» Փերեսին Կ՛ըսէ Ռոնալտօ

Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, Սեւիլլայի դէմ տեղի ունեցած մրցումէն առաջ («Լա լիկա») կասկած յայտնեց, որ մատրիտցիները յաջողութեան կրնան հասնիլ, իրենց մարզիչին Ռաֆայէլ Պեթինեսին հետ: Ակումբի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերեսի հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին փորթուգալցին անոր ըսած է. «Այս մարզիչին հետ մենք ոչ մէկ խաղի կրնանք յաղթել»: Սպանական կարգ մը լրատուամիջոցներ կը յայտնեն, որ Պենիթես դժգոհ մնացած է Ռոնալտոյէն, որ...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Հաստատեց, Որ Եուրօ-2016-ը Պիտի Չտեղափոխուի Ֆրանսայէն

Ժիւսթ Ֆոնթեն Ուրբաթ, 13 նոյեմբերին Փարիզի մէջ կատարուած ահաբեկչութիւնը ցնցեց ամբողջ աշխարհը: Ահաբեկչական գործողութիւններէն մէկը տեղի ունեցաւ «Սթատ տը Ֆրանս» մարզադաշտին մօտակայքը, այն միջոցին, երբ տեղի կ՛ունենար Ֆրանսա - Գերմանիա ֆութպոլի բարեկամական մրցումը: 2016-ի ամրան, Ֆրանսա պիտի հիւրընկալէ Եուրօ-2016-ի ախոյեանութիւնը: Բնականաբար, անվտանգութեան տեսանկիւնէն այս հարցը բաւական մտահոգիչ է: Սակայն, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Էսոշիէյթըտ փրես»-ը, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն հաստատեց, որ...

Քէյլոր Նաւաս Կրնայ Բացակայիլ Քլասիքօ-էն

Սպանական «Սփորթ» պարբերաթերթին համաձայն, Ռէալ Մատրիտի բերդապահ Քէյլոր Նաւաս կրնայ բացակայիլ Պասելոնայի դէմ 21 նոյեմբերին տեղի ունենալիք «Քլասիքօ»-ի ճակատումէն` թեթեւ վնասուածք ունենալուն պատճառով: Կը նախատեսուի, որ Նաւաս իր խմբակիցներուն հետ իր ընդհանուր փորձերուն սկսի 19 նոյեմբերին միայն: Նաւաս, որ «Լա լիկա»-ի ծիրին մէջ Ռէալ Մատրիտի կատարած վերջին երկու մրցումներէն բացակայեցաւ, Պարսելոնայի դէմ դաշտ պիտի ներկայանայ այն ատեն միայն, երբ ոչ...

Page 1162 of 1276 1 … 1,161 1,162 1,163 … 1,276

Արխիւներ