
Հայաստանի ժիւտոյի աղջկանց հաւաքականի անդամ Ժաննա Սթանքեւիչ դարձաւ Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցող վարկանշային մրցաշարքի պրոնզէ մետալակիր, կը յայտնէ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
ArmSport.am կը հաղորդէ, որ 3-րդ դիրքի մրցումին, 27 տարեկան Սթանքեւիչ յաղթեց արժանթինցի իր մրցակիցին` Օրիցիա Կոնզալեսին եւ տիրացաւ պրոնզ մետալին:
Նշենք, որ Ովկիանիոյ այս բաց ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 39 երկիրներէ 191 մարզիկներ:


