Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը Էմիլ Լահուտի մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) ճակատեցաւ Ռաուտա Տըքուանէի դէմ (Ա. խմբակ):
Բաւական տպաւորիչ մրցում մը կատարելէ եւ իր մրցակիցին վրայ մեծ ճնշում բանեցնելէ ետք, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը յաղթանակ մը արձանագրեց 4-2 արդիւնքով (կիսախաղ` 2-1, ի նպաստ` ՀՄԸՄ-ի):
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Աւօ Տոնտուրեան (2 կոլ), Դաւիթ Սուճեան եւ Շանթ Պալեան: