Նախանցեալ շաբաթավերջին Բանանցի բերդապահ Ալպերթ Օհանեան վիրաբուժութեան մը ենթարկուեցաւ, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը:
Յայտարարուեցաւ, որ 22 տարեկան բերդապահին վիրաբուժութիւնը յաջողութեամբ պսակուեցաւ:
Նշենք, որ ան վիրաւորուեցաւ նախորդ 7 նոյեմբերին, Գանձասարի դէմ տեղի ունեցած մրցումին եւ փոխարինուեցաւ Բանանց-2-ի բերդապահ Գրիգոր Մակարեանով: