Մարոքի Քազապլանքա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի սամպոյի ախոյեանութեան առաջին օրը, Հայաստան յաջողեցաւ տիրանալ 1 արծաթ եւ 1 պրոնզ մետալի:
Ինչպէս կը յայտնէ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը, 57 քկ դասակարգին մէջ պրոնզէ մետալի տիրացաւ զինուորական ծառայութիւն կատարող Էռնեսթ Հայրապետեան:
52 քկ դասակարգին մէջ գերազանց յաղթանակներ արձանագրելով Տիգրան Կիրակոսեան հասաւ աւարտական հանգրուան, ուր սակայն դժբախտաբար կէտերու չնչին տարբերութեամբ պարտուեցաւ իր ղազախ մրցակիցէն եւ արժանացաւ արծաթ մետալին: