Հայաստանի ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը երէկ` ուրբաթ, 13 նոյեմբերին, կատարեց Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար 2017-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի իր 5-րդ մրցումը, երբ Ե. խմբակին մէջ հիւրը եղաւ Կալեսի:
Արտակ Օսէեանի կազմը, 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք իր մրցակիցէն, 5-րդ դիրքէն նահանջեց 6-րդ եւ վերջին դիրք` իր տրամադրութեան տակ ունենալով միայն մէկ կէտ մը:
Հայաստան իր միակ կէտը ապահովեց, երբ հիւրընկալեց Լիւքսամպուրկը:
Երէկուան մրցումին Հայաստան գտնուեցաւ քիչ մը անբախտ, որովհետեւ Կալես իր յաղթանակի կոլը նշանակեց… 91-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ Կալեսի նշանակած առաջին կոլէն ետք (9-րդ), Արտեոմ Սիմոնեանի փոխանցումէն ետք Գոռ Մալաքեան նշանակեց 1-1-ի հաւասարութեան կոլը (59-րդ):