Հինգշաբթի, 12 նոյեմբերին, Պըրժ Պարաժնէ շրջանին մէջ ահաբեկչութեան զոհ գացին աւելի քան 50 անձեր, մինչ շուրջ 250 ուրիշներ վիրաւորուեցան:
Լիբանանցի լրագրող Ռանա Հարպի «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ հրապարակած է լուսանկարը այդ ահաբեկչութեան պատճառով որբ մնացած 3 տարեկան Հայտարի (որ կորսնցուց իր հայրն ու մայրը), որ հագած էր Ռէալ Մատրիտի մարզաշապիկը եւ ամէն գնով կը ցանկար տեսնել Քրիսթիանօ Ռոնալտոն:
Այս լուրը համացանցին վրայ շատ արագ կերպով տարածուած է, եւ անոր ի տես Ռէալ Մատրիտի պատասխանատուները արդէն իսկ կապ հաստատած են երեխային ընտանեկան պարագաներուն հետ` մօտալուտ հանդիպում մը դասաւորելու համար:
Իր խօսքին մէջ Ռանա Հարպի ըսած է:
«Ոչինչ ունիմ ըսելիք, չեմ կրնար հաւատալ կատարուածին: Հայտարը մօտ է Ռոնալտոյի հետ տեսնուելու: Շնորհակալութիւն բոլորին, երբեք պէտք չէ թերագնահատել «Թուիթըր»-ի ուժը»: