
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուիի, կիրակի, 15 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Լիբանանի 2015-ի Թրիաթլոնի ախոյեանութիւնը` Մինայի շրջանին մէջ, Թրիփոլի:
Եասեր Ապպուշի, որ կը ներկայացնէր նախարար Հըննաուին, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի ներկայացուցիչին հետ տուաւ մրցումին ազդանշանը:
Մրցումը կէս ողիմպիական էր, որ կ՛ընդգրկէր 750 մեթր լողարշաւ, 20 քկ հեծելարշաւ եւ 5 քմ վազք:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին շուրջ 40 երկսեռ մարզիկներ:
Անոր ներկայ գտնուեցան շրջանի բնակչութիւնը, մարզիկներուն ծնողներն ու ընտանեկան պարագաները, ինչպէս նաեւ բանակայիններ:
Անիկա տեղի ունեցաւ ուրախ, հետաքրքրական մթնոլորտի մը մէջ եւ ամէնէն կարեւորը` առանց որեւէ արկածի կամ միջադէպի:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մաս կազմող Մ. Պաղտատի յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան, թէ՛ տարիքային եւ թէ՛ ընդհանուր դասաւորման մէջ` այս ախոյեանութիւնը աւարտելով 1 ժամ 10 վայրկեան եւ 30 երկվայրկեան արդիւնքով մը:
Անոր ետին յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւեցին լիբանանեան բանակին մաս կազմող Ալի Զըղպի (1 ժամ 13′ 17″) եւ Ժաք Մայքըլ (1 ժամ 16′ 17″):
Աղջկանց պարագային, առաջինէն երրորդ դիրքերը յաջորդաբար գրաւեցին Թաըս Սալամ (1 ժամ 35′ 10″), Ռանիա Ապու Մուսլեհ (1 ժամ 42′ 10″) եւ Միռնա Խայեաթ (1 ժամ 49′ 37″):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ձեռամբ Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնին նախագահ Մահմուտ Տիպի, գանձապահ Պետիկ Լոճիկեանի եւ այլ անձերու:


