Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով «Ար. Փի. Էմ.-Քարթինկ»-ի վազքուղին (Մթէյն) հիւրընկալեց ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի խումբին մարզիկները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին քարթինկի մրցումին:
Անշուշտ անոր իրենց մասնակցութիւնը չբերին բոլոր մարզիկները, այլ անոնք, որոնք վարժ են քարթինկի ինքնաշարժ վարելու:
Բայց եւ այնպէս, բոլորն ալ իրենց ներկայութեամբ, քաջալերեցին իրենց խմբակիցները եւ ստեղծեցին բաւական լաւ մթնոլորտ մը:
Աւարտին, Լէյլա Ֆարես տիրացաւ տիտղոսին, մինչ անոր ետին յաջորդաբար, երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին` Լալիկ Աղասարգիսեան եւ Այտա Պախոս:
Հակառակ անոր որ ասիկա աղջկանց Ա. դասակարգին մարզիկներուն համար յատկացուած մրցում մըն էր, սակայն անոր իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբին մարզիչ` Նեմանժա Պժեթով:
Սակայն ան չկրցաւ գերազանցել ՀՄԸՄ-ի մարզիկները եւ փոտիում բարձրացողներէն մէկը չհանդիսացաւ:
Յամենայնդէպս, քարթինկի այս մրցումը եղաւ բաւական հետաքրքրական ՀՄԸՄ Անթիլիասի մարզիկներուն համար, որոնք միութեան անունին տակ, ի մի խմբուելով` ՀՄԸՄ-ական մթնոլորտ մը ստեղծեցին Մթէյնի մէջ: