
ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 80-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, կիրակի, 15 նոյեմբեր 2015-ի առաւօտեան, Պուրճ Համուտի մայր փողոցներուն մէջ տեղի ունեցաւ հեծելարշաւի մրցաշարք մը` կազմակերպութեամբ մասնաճիւղի վարչութեան:
Պուրճ Համուտի փողոցները այս առիթով փակուած էին, եւ հանրութիւնը տօնական մթնոլորտի մէջ կը սպասէր մրցումի սկիզբին:

Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 170 մանուկներ, պատանիներ, երիտասարդներ եւ երէցներ: Տեղին է նշել, որ մրցաշարքը նուիրուած էր վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ական Կարօ Համալեանի յիշատակին, որ 1972 թուականին շահած է Լիբանանի հեծելարշաւի ախոյեանութիւնը:
Մրցաշարքին մթնոլորտը բաւականին խանդավառ ու ջերմ էր: Պաշտօնական հիւրերու շարքին էին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի անդամներ:
Մրցումի աւարտին տեղի ունեցաւ բոլոր մասնակիցներուն հաստատագիրներու, ինչպէս նաեւ մրցանակ ապահովողներուն բաժակներու եւ մետալներու բաշխում:
Մրցաշարքին արդիւնքները տուին հետեւեալ պատկերը.
7 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ.
(ԱՂՋԻԿՆԵՐ)
1.- Ժիւլի Մազեճեան, 2.- Լորիկ Գույումճեան եւ 3.- Վանա Աւետիսեան:
(ՏՂԱՔ)
1.- Սերուժ Համալեան, 2.- Էմանուէլ Վարժապետեան եւ 3.- Յովսէփ Կիւլեսերեան:
8-10 ՏԱՐԵԿԱՆ.
(ԱՂՋԻԿՆԵՐ)
1.- Սելինա Վարդիվառեան, 2.- Արտա Ներսէսեան եւ 3.- Տիանա Վահրատեան:
(ՏՂԱՔ)
1.- Զաւէն Մենետեան, 2.- Ռոմիօ Խուրի եւ 3.- Քրիս Կիւլեսերեան:
11-15 ՏԱՐԵԿԱՆ.
(ԱՂՋԻԿՆԵՐ)
1.- Ալիսիա Ատուրեան, 2.- Վանա Թոսեան եւ 3.- Սերլի Մերտխանեան:
(ՏՂԱՔ)
1.- Յովհաննէս Տեմիրճեան, 2.- Աւետ Գալայճեան եւ 3.- Սէրուժ Խանճիհանեան:
16-20 ՏԱՐԵԿԱՆ.
(ՏՂԱՔ)
1.- Բեկոր Եագուպեան, 2.- Կարէն Արաբկիրեան եւ 3.- Յակոբ Մատոյեան:
21-25 ՏԱՐԵԿԱՆ.
(ԱՂՋԻԿՆԵՐ)
1.- Սարին Սարաֆեան
(ՏՂԱՔ)
1.- Մովսէս Տէր Առաքելեան
26-30 ՏԱՐԵԿԱՆ.
(ԱՂՋԻԿՆԵՐ)
1.- Ռանինա Փանոսեան
(ՏՂԱՔ)
1.- Սիմոն Փանոսեան, 2.- Յովիկ Փանոսեան եւ 3.- Ճօ Մազեճեան:
31-35 ՏԱՐԵԿԱՆ.
(ՏՂԱՔ)
1- Նարեկ Ներսէսեան
40-48 ՏԱՐԵԿԱՆ.
(ՏՂԱՔ)
1.- Կարօ Քելեշեան, 2.- Ուիլիամ Մասաատ եւ 3.- Էլի Ժապպուր:
48 ՏԱՐԵԿԱՆ ԵՒ ՎԵՐ.
(ԱՂՋԻԿՆԵՐ)
1.- Ժանին Սարգիս
(ՏՂԱՔ)
1.- Գէորգ Համալեան, 2.- Էլիաս Սարգիս եւ 3.- Լեւոն Արաբկիրեան:


