Իսլանտայի մայրաքաղաք Ռէյքիաւիքի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան ծիրին մէջ Հայաստանի տղոց հաւաքականը, 5-րդ հանգրուանին մրցեցաւ Իտալիոյ դէմ: Այս ճակատումը աւարտեցաւ 2-2 հաւասարութեամբ:
Լեւոն Արոնեան յաղթանակ մը արձանագրեց, Հրանդ Մելքումեան եւ Կարէն Գրիգորեան` հաւասարութիւններ, մինչ Սերկէյ Մովսիսեան պարտութիւն մը կրեց:
Այս մրցումէն ետք, Հայաստանի հաւաքականը, որ ապահոված է 6 կէտ, 3 կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ռուսիայէն: Իտալիա եւս ունի 6 կէտ:
Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը 3-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Սերպիայէն:
Էլինա Դանիէլեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին, մինչ Լիլիթ Գալոյեան եւ Սուսանա Գաբոյեան պարտուեցան:
Այժմ, Հայաստանի աղջիկները 5 կէտով կը գրաւեն դասաւորման 11-րդ դիրքը: Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Ռուսիա, որ իր տրամադրութեան տակ ունի 10 կէտ:
Նշենք, որ չորեքշաբթի, 18 նոյեմբերը հանգիստի օր էր: