Շաբաթասկիզբին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը իր կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ էլ Տիպ) գումարեց իր շաբաթական ժողովը` գլխաւորութեամբ նախագահ Ուալիտ Նասսարի եւ ֆետերասիոնին անդամներուն:
Յայտարարուեցաւ, որ շաբաթ, 28 նոյեմբերէն սկսեալ կը սկսի Լիբանանի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքը, մասնակցութեամբ` 14 խումբերու (եօթը խումբերը` Ա. դասակարգէն): Անիկա պիտի երկարի մինչեւ շաբաթ, 12 դեկտեմբեր:
Յայտարարուեցաւ, որ շաբաթ, 19 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի գերբաժակի մրցաշարքին մրցումը, Լիբանանի ախոյեան` Ռիատի Պէյրութի եւ Լիբանանի բաժակակիրին միջեւ:
Գերբաժակի այս մրցաշարքին անունը պիտի կոչուի Անթուան Շարթիէ բաժակի մրցաշարք` առ ի յիշատակ Շարթիէի, որ անցեալին եղած է Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ:
Լիբանանի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին ազդանշանը կը տրուի կիրակի, 20 դեկտեմբերին:
Ֆետերասիոնը իր հաւանութիւնը տուաւ, որ չորեքշաբթի, 28 նոյեմբերէն շաբաթ, 5 դեկտեմբեր տեղի ունենայ Հանրի Շալհուպի անուան պասքեթպոլի մրցաշարքը Շիահի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Ա. դասակարգի կարգ մը խումբեր:
Վերջապէս յայտարարուեցաւ, որ կիրակի, 20 դեկտեմբերին, տեղի պիտի ունենայ ֆետերասիոնին տարեկան համագումարը: