ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած «Քիտծ Աթլեթիքս»-ի մրցաշարքը տեղի ունեցաւ կիրակի, 15 նոյեմբեր 2015-ին առաւօտեան ժամը 8:30-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 13:00, ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ:
Մրցաշարքին ներկայ էին 48 աշակերտուհիներ եւ 63 աշակերտներ, որոնք կը ներկայացնէին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան, Ազգային Ս. Խանամիրեան, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան, Հայ կաթողիկէ Անարատ յղութեան Սրբոց Հռիփսիմեանց, Հայ կաթողիկէ Ս. Ագնէս, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի, Հայ աւետարանական քոլեճի եւ Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարանները:
Մրցաշարքին մասնակցող աշակերտ-աշակերտուհիները խառն խումբերով կազմեցին խմբակներ, իւրաքանչիւր խմբակ ներկայացուած էր գոյնով մը: Ստորեւ կը ներկայացնենք խմբակներուն գոյները եւ մասնակիցներուն անուանացանկը եւ արդիւնքները.
Կապոյտ 1: Դաւիթ Հաճիմանուկեան, Միհրան Պէրպէրեան, Էմմանուէլ Նաճարեան, Յովսէփ Յովհաննէսեան, Էնզօ Օհաննէսեան, Լիւսի Ունճեան, Ալին Այանեան, Սելենա Փոլիսաճեան, Մելանի Չաքրեան եւ Էլենա Տէր Սարգիսեան:
Կապոյտ 2: Էլի Եոքսուլքալ, Անթօնի Փափազեան, Մհեր Քարճիքեան, Ճորճ Պալապանեան, Ճոուի Թնքըրեան, Քլարա Այնթէպլեան, Փաթիլ Եագուպեան, Լորի Գարաճեան եւ Ժոել Տեմիրճեան:
Վարդագոյն 1: Դաւիթ Թաշճեան, Ազատ Սահակեան, Վանիկ Մըխսեան, Մանուէլ Գալֆայեան, Հրակ Գալայճեան, Սանան Քէշիշեան, Մարիա Գոճաօղլանեան, Թանիա Եուսեֆ, Լէա Արճինեան եւ Յովիկ – Ճօ Եագուպեան:
Վարդագոյն 2: Սագօ Չաքմաքեան, Արեգ Ժամկոչեան, Յովիկ Տիշչեքենեան, Ալեքսանտր Լեւոնեան, Ռոպերթ Սիմիտեան, Սէրլի Մանուկեան, Թամի Ֆրընկիչեան, Սելին Գոգեան, Եսենիա Քելլէեան եւ Յակոբ Մարտիրոսեան:
Դեղին 1: Տիգրան Գլընճեան, Նարեկ Արթին, Ճորճ Պիթար, Աբիկ Արփաճեան, Ճորճ Տեմիրճեան, Մարիա Տեֆտերտարեան, Սելին Գասապեան, Ցոլեր Չիթճեան, Արզնի Տէր Յովհաննէսեան եւ Արմէն Գայէմագամեան:
Դեղին 2: Աւօ Գրիգորեան, Քարլոս Թովմաս, Արամ Հանտեան, Էլիաս Օհանեան, Աքասիա Ազատեան, Բալիկ Տօնիկեան, Նայիրի Գարաճեան, Լին Աբէլեան եւ Կարս Մանուկեան:
Կարմիր 1: Փոլ Գաճոյեան, Լիակ Մարտիրոսեան, Էլվիրա Զէյթունցեան, Մարի – Քլոէ Աշուր, Սէրուժ Թերզեան, Լէա Պուտագեան, Միսաք Պարսումեան, Յակոբ Աբանեան եւ Սերուժ Աւետիսեան:
Կանաչ 2: Մաթէօ Կիպինեան, Ռուբէն Այվազեան, Ալեքս Աբրահամեան, Էտի Հալլաճեան, Լէա Ոսկերիչեան, Սէրլի Թութիքեան, Փերլա Մելքիսէթեան եւ Ներսէս Ատուրեան:
Նարնջագոյն 2: Արա Կարապետեան, Արամ Ճէմէզեան, Կարպիս Այվազեան, Գէորգ Աբանեան, Արմէն Եղիայեան, Սեսիլիա Պաքալեան, Ճենիֆըր Գոզեան, Ճոյա Մարիա Տօնիկեան եւ Մարիա Սալիպեան:
Կարմիր 2 – Կանաչ 1 – Նարնջագոյն 1: Միրելլա Մոմճեան, Սալբի Սալորեան, Բալիկ Պաղտասարեան, Նարէ Գարամանուկեան, Նոյեմի Պօղոսեան, Կրէյս Մալտոսեան, Արեւ Պոյաճեան, Ալին Տերվիշեան, Գարին Ուաննէս, Էլիզա Ուաննէս, Լոռի Եահնէեան, Ցօղիկ Թրթռեան, Նարեկ Նաքաշեան, Տաթեւ Արապօղլեան, Գէորգ Պասթաճեան, Փոլ Պօղոսեան, Քրիս Պետիրեան, Աբիկ Գունտաքճեան, Ճօ Պշարա, Ժորժ Իշխանեան, Ռաֆայէլ Մըխսեան, Կարէն Գասապեան, Ալեքսան Գաբրիէլեան, Ժաք-Յակոբ Գոզեան, Քարլոս Տոնանեան, Քարլօ Համալեան, Գէորգ Ժիրօղլեան, Ալեքսանտր Լեւոնեան եւ Ռոպեր Սիմիտեան:
Վարձքը կատար բոլոր մասնակցող աշակերտներուն, պատասխանատուներուն, մարզիչներուն, ինչպէս նաեւ ծնողներուն: Դարձեալ կը հանդիպինք հետագային` տարբեր տարիքի մասնակիցներու հետ:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ