21 դեկտեմբեր 2015-ին, Ֆրանսայի մայրաքաղաք` Փարիզի մէջ, տեղի պիտի ունենայ Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը:
Այս ախոյեանութեան մասնակցող 24 խումբերը յստակացան նախանցեալ օր տեղի ունեցած փլէյ-օֆի դարձի մրցումներուն լոյսին տակ:
Արդիւնքները տուին հետեւեալ պատկերը (փակագիծերուն մէջ` երթի մրցումներուն արդիւնքները, մինչ գլխագիրով նշուած խումբերը, ապահովեցին Ֆրանսայի մէջ տեղի ունենալիք ախոյեանութեան իրենց տոմսը).
Դանիա – ՇՈՒԷՏ (1-2) 2-2
Սլովենիա – ՈՒՔՐԱՆԻԱ (0-2) 1-1
ԻՐԼԱՆՏԱ – Պոսնիա (1-1) (2-0)
ՀՈՒՆԳԱՐԻԱ – Նորվեկիա (1-0) (2-1)
Թէեւ վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ 12 դեկտեմբերին, սակայն արդէն իսկ յստակացած է, թէ վիճակաձգութիւնը ինչպէ՞ս տեղի պիտի ունենայ, այսինքն, իւրաքանչիւր խումբ, ո՛ր զամբիւղին մաս պիտի կազմէ:
Այդ չորս զամբիւղներուն պատկերը հետեւեալն է.
Ա. զամբիւղ.- Ֆրանսա, Սպանիա, Գերմանիա, Անգլիա, Փորթուգալ եւ Պելճիքա
Բ. զամբիւղ.- Իտալիա, Ռուսիա, Զուիցերիա, Աւստրիա, Խրուաթիա եւ Ուքրանիա
Գ. զամբիւղ.- Չեխիա, Շուէտ, Լեհաստան, Ռումանիա, Սլովաքիա եւ Հունգարիա
Դ. զամբիւղ.- Թուրքիա, Իրլանտա, Իսլանտա, Կալես, Ալպանիա եւ Հիւսիսային Իրլանտա: