Մարզական

Ըմբշամարտ. Հայաստանի Ազատ Ոճի Ըմբիշները Կը Մասնակցին Աշխարհի Ակումբներու Ախոյեանութեան

26-27 նոյեմբերին Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ տեղի կ՛ունենայ ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ակումբներու ախոյեանութիւնը, ուր Հայաստան կը ներկայանայ Տաշիր ակումբով, կը յայտնէ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: Թեհրան մեկնող կազմը հետեւեալն է. Գառնիկ Մնացականեան (57 քկ), Երուանդ Թադէոսեան (61 քկ), Վալոդիա Ֆրանգուլեան (65 քկ), Վալտեր Մարգարեան (70 քկ), Վարուժան Կաջոյեան (74 քկ), Վահէ Թամրազեան (86 քկ), Էդգար Ենոքեան (86...

Ծանրաբարձութիւն. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Առաջին Ներկայացուցիչը Հանդիսացաւ 28-րդ

Նախորդ շաբաթավերջին Հիուսթընի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) սկսաւ ծանրաբարձութեան աշխարհի ախոյեանութիւնը: Հայաստանի առաջին ներկայացուցիչը` Աննա Գովելեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ աղջկանց 53 քկ դասակարգի մրցումներուն` բարձրացնելով ընդամէնը 170 քկ (76 քկ եւ 94), գրաւեց դասաւորման 28-րդ դիրքը: Ախոյեան հանդիսացաւ Թայուանի ներկայացուցիչը (221 քկ):  

«Չեմփիընզ Լիկ». Ա. Էս. Ռոմա 6-1 Արդիւնքով Ջախջախուեցաւ «Քամփ Նու»-ի Մէջ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր կատարուեցան 8 ճակատումներ, որոնց ընթացքին նշանակուեցան 27 կոլեր: Օրուան մեծագոյն յաղթականը հանդիսացաւ Պարսելոնա, որ իր դաշտին` «Քամփ Նու»-ի մէջ 6-1 արդիւնքով ջախջախեց Ա. Էս. Ռոման եւ ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը: Լուիս Սուարեզ եւ Լիոնել Մեսսի նշանակեցին երկուքական կոլ, մինչ իւրաքանչիւր կազմ ձախողեցաւ փենալթի մը կոլի վերածել: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն այս...

Անսար Ակումբի Ընտրութիւններ

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Անսար ակումբին ընտրութիւնները: Ընտրութիւններէն ետք տեղի ունեցաւ պաշտօններու բաժանումը` հետեւեալ ձեւով. Նեպիլ Պատըր (նախագահ), Նեպիլ Սըննօ (փոխնախագահ), Իսմայիլ Մահմուտ (ընդհանուր քարտուղար), Շաֆիթ Թահեր (գանձապահ), Ահմետ Լաունտ (հաշուապահ), Նուրէտտին Քուշ, Ահմետ Տանըշ, Ապպաս Հասան, Քասեմ Ժիրահ, Այման Շամի եւ Հայսամ Տուղան (խորհրդականներ):  

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները. Պարսելոնա Ջախջախեց Ռէալ Մատրիտը (4-0), Իսկ Լիվըրփուլ` Մանչեսթըր Սիթին (4-1)

Պարսելոնայի յաղթական մարզիկները Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Սպանիոյ մէջ Ռէալ Մատրիտ իր դաշտին վրայ ամօթալի պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն եւ ոխերիմ մրցակիցէն` Պարսելոնայէն, 4-0 արդիւնքով: 80 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Լուիս Սուարեզ (11-րդ եւ 74-րդ), Նէյմար (39-րդ) եւ Անտրես Ինիեսթա (53-րդ) նշանակեցին Պարսելոնայի կոլերը, մինչ Իսքօ (Ռէալ Մատրիտ) 84-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ: Ջախջախելով...

Հայկական Ֆութպոլ. Ալաշկերտ – Փիւնիկ Կէտերու Տարբերութիւնը Մնաց Անփոփոխ

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումները: Նկատի ունենալով, որ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ալաշկերտ եւ անոր անմիջական մրցակիցը` Փիւնիկ յաղթանակներ արձանագրեցին, անոնց միջեւ կէտերու տարբերութիւնը (2) մնաց անփոփոխ: Ալաշկերտ յաղթեց Շիրակի (2-0), մինչ Փիւնիկ` Միքայի (2-1): Արարատ - Գանձասար - Կապան մրցումը աւարտեցաւ 2-2 հաւասարութեամբ, մինչ Բանանց 5-1 արդիւնքով յաղթեց Ուլիսի: Նշենք, որ Ուլիս...

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ-ի Զոյգ Խումբերն Ալ Պարտուեցան

  Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումները: Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ մրցեցաւ Ամալ Պիքֆայայի դէմ, 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Պարտութիւն մը կրեց նաեւ Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ Սատի դաշտին վրայ տեղի տուաւ ներքին ապահովութեան ուժերուն խումբին դիմաց` 7-2 արդիւնքով: Նշենք, որ...

Կռփամարտ. Արթուր Աբրահամ Պաշտպանեց Ախոյեանութեան Տիտղոսը

Գերմանիան ներկայացնող հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին կարգի WBO-ի վարկածով աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ նախորդ շաբաթավերջին յաջողութեամբ պաշտպանեց ախոյեանութեան իր տիտղոսը: 35 տարեկան Աբրահամ լարուած մենամարտին ընթացքին յաղթեց 33 տարեկան անգլիացի իր մրցակիցին` Մարթին Միւրէյին: Առաջին իրաւարարը առաւելութիւնը տուաւ Աբրահամին` 115-112, երկրորդը Միւրէյին` 115-112, իսկ երրորդը Աբրահամին` 116-111, իր տուած այս լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am:  

Ճատրակ. Եւրոպայի Խմբային Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը Հանդիսացաւ Փոխախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին Իսլանտայի մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութիւնը: Հայաստանի տղոց հաւաքականը վերջին հանգրուանին վստահ յաղթանակ արձանագրելով Վրաստանի դէմ (3-1), ապահովեց 13 կէտ: Նոյնքան կէտ ապահովեցին նաեւ Ֆրանսա եւ Հունգարիա: Սակայն լրացուցիչ կէտերով Հայաստանի հաւաքականը հանդիսացաւ երկրորդ, մինչ Հունգարիա եւ Ֆրանսա յաջորդաբար գրաւեցին 3-րդ եւ 4-րդ դիրքերը: 15 կէտով ախոյեան հանդիսացաւ Ռուսիա, որ այս մրցաշարքին վերջին անգամ տիտղոսակիր դարձած էր...

Լիբանանի Տղոց Պասքեթպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Երկուշաբթի, 7 Դեկտեմբերին` Պիպլոս – ՀՄԸՄ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին 2015-2016 տարեշրջանին յայտագիրը, որ կը սկսի յառաջիկայ ամիս: Ինչպէս ծանօթ է, այս մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ նաք-աութի դրութեամբ, այսինքն` պարտուող խումբը մրցաշարքը չի կրնար շարունակել: ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը իրեն մրցակից պիտի ունենայ Պիպլոսը: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 7 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ): Նշենք, որ բաժակի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Այսօր` Խըյուլ – ՀՄԸՄ

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Մապարրա – ՀՄԸՄ` 3-2

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երկու ճակատումներ: Քֆարժոզի մէջ, Ահլի Նապաթիէ, որ հիւրընկալեց Հիլալ Հարեթ Նաամէն, 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ամրապնդեց իր երկրորդ դիրքը` ապահովելով 15 կէտ: Հարաւային խումբը իր միակ կոլը նշանակեց փենալթիով` 79-րդ վայրկեանին: Ինչ կը վերաբերի երէկուան երկրորդ մրցումին, Մապարրա, որ Ահտի դաշտին վրայ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը, 3-2 արդիւնքով...

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն.  Այսօր Կը Սկսի 2015-2016 Տարեշրջանը

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ-ի Զոյգ Խումբերը Այսօր Մրցում Կը Կատարեն

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումները տեղի կ՛ունենան այս շաբաթավերջին: Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ իր մրցումը կը կատարէ այսօր` շաբաթ, 21 նոյեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ, կը մրցի Ամալ Պիքֆայի դէմ: Իսկ Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի այսօրուան մրցակիցը պիտի ըլլայ ներքին ապահովութեան ուժերուն խումբը: Այս մրցումը, որ տեղի...

Ճատրակ. Եւրոպայի Խմբային Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը Դժուարութեամբ Յաղթեց Գերմանիոյ (2,5-1,5)

Իսլանտայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Հայաստանի տղոց հաւաքականը, որ մրցեցաւ Գերմանիոյ դէմ, քիչ մը դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց` 2,5-1,5 արդիւնքով: Մինչ Լեւոն Արոնեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Կարէն Գրիգորեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին իրենց մրցակիցներուն հետ, անդին Հայաստանի յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ Հրանդ Մելքումեան, որ այս մրցաշարքին, սքանչելի արդիւնքներ կ՛արձանագրէ: Երրորդ խաղատախտակին վրայ ելոյթ ունեցող Մելքումեան 6...

Պելճիքա Պիտի Շարունակէ Մնալ Առաջին Դիրքին Վրայ

3 դեկտեմբերին ՖԻՖԱ-ին կողմէ հրապարակուելիք աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն նոր դասաւորման մէջ, որ պիտի ըլլայ 2015-ի վերջինը, Պելճիքա պիտի շարունակէ մնալ առաջին դիրքին վրայ: 2-րդ դիրք պիտի բարձրանայ Արժանթին, իսկ 3-րդ դիրք` Սպանիա: Ֆրանսա պիտի նահանջէ 4-րդ դիրք, մինչ Չիլի պիտի մնայ 5-րդ:  

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

-Այսօր` Ռէալ Մատրիտ - Պարսելոնա «Քլասիքօ»-ն -Եուվենթուս - Ա. Սէ. Միլան Եւ Մանչեսթըր Սիթի - Լիվըրփուլ Տաք Ճակատումներ Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, շարք մը ճակատումներ պիտի ըլլան բաւական հարուստ, իսկ յայտագիրը պիտի ըլլայ ճոխ` նկատի ունենալով, որ բաւական զօրաւոր ճակատումներ կան: Նախ եւ առաջ այսօր լուսարձակները պիտի երթան «Սանթիակօ Պեռնապէօ», ուր տեղի պիտի ունենայ Ռէալ Մատրիտ -...

2000-էն Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով` «Քլասիքօ»-ն` Առանց Քասիասի Եւ Չաւիի

Ռէալ Մատրիտէն եւ Պարսելոնայէն լաւագոյն ընկերներ այս տարեշրջանին կը մասնակցին տարբեր ախոյեանութիւններու եւ տարբեր ցամաքամասերու մէջ: Վերջին 15 տարիներուն ոչ մէկ «Քլասիքօ» տեղի ունեցած է առանց Պարսելոնայի նախկին միջնապահ Չաւիի եւ Ռէալ Մատրիտի նախկին բերդապահ Իքեր Քասիասի: Բայց 21 նոյեմբերին անոնք երկուքն ալ 2000-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով մարզադաշտին վրայ իրարու դէմ յանդիման պիտի չգան: Ընդհանուր առմամբ անոնք երկուքը մասնակցած...

Պրազիլի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Քորինթիանս Հանդիսացաւ Ախոյեան

Պրազիլի ֆութպոլի ախոյեանութեան 35-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Քորինթիանս 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Վասքօ տա Կամայի հետ: Սակայն արձանագրուած այս հաւասարութիւնը` ախոյեանութեան մրցումէն 3 հանգրուան առաջ, առիթ տուաւ Քորինթիանսի, որ ապահովէ ախոյեանութեան տիտղոսը եւ այժմէն սկսի իր տօնախմբութիւններուն: Այսպիսով, Քորինթիանս 6-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Պրազիլի ախոյեան: Նախապէս ան ախոյեան հանդիսացած էր 1990-ին, 1995-ին, 1998-ին, 2005-ին եւ 2011-ին:

Կիրակի, 22 Նոյեմբերին. Ճատրակի Միօրեայ Մրցաշարք` Ռուսական Մշակութային Կեդրոնին Մէջ

Հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու ակումբին, կիրակի, 22 նոյեմբերին ռուսական մշակութային կեդրոնին մէջ (Վերտան) տեղի կ՛ունենայ ճատրակի տարիքային միօրեայ մրցաշարք մը` 20 տարեկանէն վար բոլոր դասակարգերուն մէջ: Տեղի պիտի ունենան 6 հանգրուանի մրցումներ եւ անոնք պիտի սկսին առաւօտեան ժամը 10:00-ին: Արձանագրութեան համար կարելի է անունները փոխանցել հեռաձայնելով 03-771795 եւ 71-107597 թիւերուն, կամ ալ մրցաշարքին օրը...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` Մապարրա – ՀՄԸՄ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 20 նոյեմբերին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մրցի Մապարայի դէմ: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 14:15-ին, տեղի պիտի ունենայ Ահտի դաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ամէն գնով յաղթանակ արձանագրել` դասաւորման մէջ վերելքը շարունակելու համար: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը. Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 5-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Նըժմէ - Սաժես 15:30...

Ճատրակ. Հայաստանի Աղջիկները Յաղթեցին Սպանիոյ

Օրուան մը հանգիստէ ետք, երէկ Իսլանտայի մայրաքաղաք Ռէյքիաւիքի մէջ տեղի ունեցան Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի հանդիպումները: Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթեց Սպանիոյ եւ ապահովելով իր 7-րդ կէտը, այժմ կը գրաւէ 8-րդ դիրքը` չորս կէտով ետ մնալով առաջին դիրքը գրաւող Ռուսիայէն:

Page 1161 of 1276 1 … 1,160 1,161 1,162 … 1,276

Արխիւներ