
Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, Սեւիլլայի դէմ տեղի ունեցած մրցումէն առաջ («Լա լիկա») կասկած յայտնեց, որ մատրիտցիները յաջողութեան կրնան հասնիլ, իրենց մարզիչին Ռաֆայէլ Պեթինեսին հետ:
Ակումբի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերեսի հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին փորթուգալցին անոր ըսած է. «Այս մարզիչին հետ մենք ոչ մէկ խաղի կրնանք յաղթել»:
Սպանական կարգ մը լրատուամիջոցներ կը յայտնեն, որ Պենիթես դժգոհ մնացած է Ռոնալտոյէն, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով տեղի ունեցած մրցումէն ետք զրուցած է անոր մարզիչին` Լորան Պլանի հետ:
Տարածուած է նաեւ այլ յայտարարութիւն մը այն մասին, որ Ռէալի նախագահը իր մօտիկ բարեկամներէն մէկուն ըսած է, որ ինք պատրաստ է ծախելու Ռոնալտոն, եթէ որեւէ խումբ անոր հրաժարագինը վճարէ:
Նշենք, որ շշուկներ շրջան կ՛ընեն, որ Խեմես Ռոտրիկեզ իր կարգին հարցեր ունի Պենիթեսի հետ:


