Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյանութեան մրցումներուն ամէնէն յատկանշական եւ իւրայատուկ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վրայ, ուր պիտի կատարուի Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա ճակատումը:
«ԱՍ» սպանական մարզաթերթը երէկ նշեց, թէ այս մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարար նշանակուած է Տաւիտ Ֆերնանտես Պորպալան:
Ան, երկու այլ իրաւարարներու` Միկել Մաթէօ Լաոսի եւ Քարլոս Քլոս Կոմեսի հետ, փորձերու ենթարկուած է` Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին իրաւարարներու յանձնախումբին կողմէ եւ ընտրուած լաւագոյնը:
Ան երրորդ անգամն ըլլալով կը նշանակուի Քլասիքոյի իրաւարարը:
Նշենք, որ նախորդ երկուքին ալ Պարսելոնա յաղթած է (3-2 եւ 3-1):