
TotalFootball.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նոր գլխաւոր մարզիչը կրնայ դառնալ Արարատ Երեւանի այժմու գլխաւոր մարզիչ Վարուժան Սուքիասեան:
Այս մասին լրագրողներուն հետ իր զրոյցին ընթացքին յայտնեց հաւաքականին համակիրներու ՖԱՖ շարժումի հիմնադիր անդամ Սերկէյ Ջանջոյեան:
«Ըստ մեզի հասած տեղեկութիւններուն, ան կրնայ նշանակուիլ նոր գլխաւոր մարզիչ: Մենք կը յարգենք զինք, բայց անոր որակները մեզի չեն բաւարարեր:
«Մենք դարձեալ պէտք է նշենք, որ հայ մարզիչներէն միայն Սերճիօ Մարգարեանը եւ Միշել Տէր Զաքարեանը կը տեսնենք յարմար անձերը, որոնք սակայն չեն ուզեր ստանձնել այս պաշտօնը», ըսաւ Սերկէյ Ջանջոյեան: