
Ուրբաթ, 13 նոյեմբերին Փարիզի մէջ կատարուած ահաբեկչութիւնը ցնցեց ամբողջ աշխարհը: Ահաբեկչական գործողութիւններէն մէկը տեղի ունեցաւ «Սթատ տը Ֆրանս» մարզադաշտին մօտակայքը, այն միջոցին, երբ տեղի կ՛ունենար Ֆրանսա – Գերմանիա ֆութպոլի բարեկամական մրցումը:
2016-ի ամրան, Ֆրանսա պիտի հիւրընկալէ Եուրօ-2016-ի ախոյեանութիւնը:
Բնականաբար, անվտանգութեան տեսանկիւնէն այս հարցը բաւական մտահոգիչ է:
Սակայն, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Էսոշիէյթըտ փրես»-ը, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն հաստատեց, որ այս ախոյեանութիւնը պիտի կատարուի Ֆրանսայի մէջ եւ այլ վայր փոխադրուելու հարց գոյութիւն չունի երբեք:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ 12 դեկտեմբերին` Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ:
Ֆրանսական կարգ մը լրատուամիջոցներու կողմէ հրապարակուած լուրերուն մէջ կը նշուի, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Ժիւսթ Ֆոնթեն յայտարարած է, որ իր երկիրը պէտք է հրաժարի այս ախոյեանութիւնը հիւրընկալելէ:


