Սամպօ. Հայաստան Պիտի Չմասնակցի Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունենալիք Աշխարհի Պատանիներու Ախոյեանութեան
Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Հայաստանի սամպոյի ֆետերասիոնին նախագահը` Լեւոն Հայրապետեան յայտարարեց, որ Հայաստան իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի սամպոյի պատանիներու ախոյեանութեան: Լուրը հաղորդող ArmSport.am կայքը աւելցուց, որ Հայրապետեան առանց բառերը ծամծմելու ըսած է նաեւ, որ տրուած այս որոշումին վրայ ազդած է նաեւ Ռուսիոյ որոշումը` մրցաշարքը պոյքոթի ենթարկելու գծով:




