Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին յետսապահ Կերի Նեւիլ երէկ նշանակուեցաւ Վալենսիայի մարզիչ, այսպիսով ստանձնելով մարզիչի իր առաջին պաշտօնը:
Նեւիլ, որ մաս կը կազմէ նաեւ Անգլիոյ մարզիչ Ռոյ Հոճսընի մարզիչներու խմբակին, նշանակուեցաւ Ա. խումբի մարզիչ, ուր իր եղբայրը` Ֆիլ, նոյնպէս մարզիչ է:
Ան մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը, այսինքն` մինչեւ 30 յունիս 2016 պիտի ըլլայ խումբին մարզիչը:
Նշենք, որ Վալենսիայի կողմէ տրուած նշանակման այս որոշումը բաւական անակնկալ որոշում մըն էր: