«Լա լիկա»-ի 2014-2015 տարեշրջանի լաւագոյն ֆութպոլիստի տիտղոսին տիրացաւ Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի:
Ան իր կատարած 38 մրցումներուն ընթացքին նշանակեց 43 կոլ եւ կատարեց կոլի 43 փոխանցում:
Լաւագոյն բերդապահը ճանչցուեցաւ Քլաուտիօ Պրաւօ, որ 37 մրցումի ընթացքին իր բերդին մէջ ստացաւ 19 կոլ:
Լաւագոյն յետսապահը ճանչցուեցաւ Ռէալ Մատրիտի խմբապետ Սերճիօ Ռամոս, մինչ անոր խմբակից Խամես Ռոտրիկեզ ճանչցուեցաւ լաւագոյն միջնապահը, որ 29 մրցումի ընթացքին նշանակեց 13 կոլ եւ կատարեց 13 կոլի փոխանցում:
Իսկ լաւագոյն մարզիչի համար նախատեսուած մրցանակը բաժին ինկաւ Լուիս Էնրիքէին: