Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները

Եւրոպական Ֆութպոլի Շաբաթավերջը . Վալենսիա Զսպեց Պարսելոնան Պայերն Միւնիխ Պարտուեցաւ Մանչեսթըր Սիթի Տապալեցաւ

ԱՆԳԼԻԱ. 15-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. Սթոք Սիթի - Մանչեսթըր Սիթի 2-0 Արսենալ - Սանտըրլենտ 3-1 Մանչեսթըր Եունայթըտ - Ուեսթ Համ 0-0 Սաութհեմփթըն - Ասթոն Վիլա 1-1 Սուանզի - Լայսթըր Սիթի 0-1 Ուաթֆորտ - Նորուիչ 2-0 Ուեսթ Պրոմուիչ - Թոթենհամ 1-1 Չելսի - Պուրնըմաութ 0-1 Նիւքասըլ - Լիվըրփուլ 2-0 ԱՅՍՕՐ               ԺԱՄ Էվըրթըն - Քրիսթալ Փալաս 22:00 ԻՏԱԼԻԱ. 15-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. Թորինօ - Ա. Էս....

Հենրիխ Մխիթարեան` Վոլֆսպուրկ – Պորուսիա Տորթմունտ Խաղին Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի  անդամ Հենրիխ Մխիթարեան, Գերմանիոյ ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի Վոլֆսպուրկ - Պորուսիա Տորթմունտ մրցումին լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ: 26-ամեայ միջնապահը արժանացաւ 9.4 գնահատականի: Հենրիխ Մխիթարեան խաղաց 90 վայրկեան եւ կատարեց երկու կոլերուն փոխանցումները` յաղթանակ պարգեւելով Պորուսիային: Անոնք անոր 8-րդ եւ 9-րդ կոլային փոխանցումներն էին Գերմանիոյ այս ախոյեանութեան, որուն ընթացքին ան հարուածած է 5 կոլ:

Մովսիսեանի Դաշտ Մտնելով` Սպարտակի  Համակիրները Թրքական Դրօշներ Այրեցին

Մովսիսեանի Դաշտ Մտնելով` Սպարտակի Համակիրները Թրքական Դրօշներ Այրեցին

Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանին, Սպարտակ - Կրիլիա Սովետով մրցումին 60-րդ վայրկեանին, երբ խաղավայր մտաւ Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ Սպարտակի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան, մոսկովեան խումբի համակիրները  սկսան այրել թրքական դրօշներ:

Գեղասահք. Հայաստան Երրորդ` Գեղասահքի Միջազգային Մրցաշարքին

Զաղրեպի գեղասահքի միջազգային մրցաշարքին Հայաստանը ներկայացնող Թինա Կարապետեան եւ Սայմոն Սենեկալ դարձան պրոնզէ մետալակիր: Զոյգը ստացաւ 127.92 կէտ եւ նուաճեց Գեղասահքի միջազգային ֆետերասիոնին կազմակերպած  աւանդական մրցաշարքերու ցանկին մէջ ներառուած «Golden Spin of Zagreb 2015» մրցաշարքի պրոնզէ մետալը:

«Էն. Պի. Էյ.». Կոլտըն Սթէյթի 21-րդ Անընդմէջ Յաղթանակը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանի տիտղոսը պաշտպանող Կոլտըն Սթէյթ հերթական յաղթանակը նուաճեց Թորոնթօ Ռեփթըրզի դէմ` թարմացնելով յաղթարշաւի իր մրցանիշը` 21-րդ անընդմէջ յաղթանակ: Կոլտըն Սթէյթի մարզիկ Ստիւըն Գարի նշանակեց 44 կէտ: Ստորեւ երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Թորոնթօ Ռեփթըրզ - Կոլտըն Սթէյթ 109-112 Մայեմի Հիթ - Քլիվլենտ 99-84 Շիքակօ - Շարլոթ 96-102 Հիւսթըն - Սաքրամենթօ Քինկզ 120-113 Մինեսոթա - Փորթլենտ 103-109 Սան Անթոնիօ...

Վաղը` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ Պէյրութ Աղջկանց Պասքեթպոլի Բարեկամական Մրցում

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի յանձնախումբին, կիրակի, 6 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ պասքեթպոլի բարեկամական մրցում մը` ի յիշատակ Սարգիս Մկրտիչեանի: Այս մրցումին իրարու դէմ պիտի մրցին ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Անդրանիկ Պէյրութ: Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Այսօր` Ռիատա Ուալ Ատապ – ՀՄԸՄ

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ 5-0 Արդիւնքով Յաղթական Վերադարձաւ Թրիփոլիէն

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 2 մրցումներ: Առաջինին Իսլահ Պըրժ Շիմալի 2-1 արդիւնքով յաղթեց Ահլի Նապաթիէին, մինչ երկրորդին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Թրիփոլիի մէջ ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Ռիատա Ուալ Ատապը: Թէեւ ՀՄԸՄ ապահովեց 14 կէտ` արձանագրելէ ետք տարեշրջանի իր 4-րդ յաղթանակը, սակայն մնաց 5-րդ դիրքին վրայ`...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Վալենսիա – Պարսելոնա

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, բաւական տաք եւ հետաքրքրական ճակատում մը պիտի կատարուի Սպանիոյ մէջ, ուր Վալենսիա պիտի հիւրընկալէ Պարսելոնան: Այլ հետաքրքրական ճակատումի մը ընթացքին, Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ պիտի հիւրընկալէ ցարդ անպարտելի Պայէրն Միւնիխը: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը). ԱՆԳԼԻԱ. 15-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ԱՅՍՕՐ               ԺԱՄ Սթոք Սիթի (12) - Մանչեսթըր Սիթի...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Վաղը` Կիրակի Փինկ Փոնկի Մրցաշարքը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը կազմակերպած է փինկ-փոնկի մրցաշարք մը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Սերժ Թովմասեան» սրահին մէջ, կիրակի, 6 դեկտեմբեր 2015-ին, ժամը 13:00-էն 19:00: Պայման է, որ աշակերտները սրահ ներկայ գտնուին առաւելագոյնը կէսօրուան ժամը 12:00-ին` ստուգման եւ վիճակաձգութեան համար: Մրցումին կրնան մասնակցիլ 1998-1999, 2000-2001, 2002-2003 եւ 2004-2005-ի ծնունդ 4 աշակերտ եւ 4 աշակերտուհի` իւրաքանչիւր տարիքէն: ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Ըմբշամարտ. Դաւիթ Սաֆարեան` Նուսույեւի Յուշամրցաշարքի Յաղթող

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ, աշխարհի եւ Եւրոպայի 2013-ի ախոյեան Դաւիթ Սաֆարեան իր դասակարգին մէջ (65 քկ) հանդիսացաւ Շեւալիա Նուսույեւի յուշամրցաշարքի յաղթող, կը յայտնէ Հայաստանի ազգային ողիմպիականի պաշտօնական կայքը: Նշենք, որ ան աւարտականին 3-1 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին` Մուրշիդ Մութալիմովին (Ղազախստան): 2014-ի Եւրոպայի փոխախոյեան հանդիսացած Գարիկ Բարսեղեան (57 քկ) յաջողեցաւ հասնիլ միայն մինչեւ քառորդ աւարտական:  

Ֆութսալ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Պրուս Քաֆէ

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, կը մրցի Պրուս Քաֆէի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին: Նշենք, որ 6-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, երէկ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ - Սատաքա մրցումը (Բ. խմբակ): Անիկա աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով`...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Այսօր` Ռիատա Ուալ Ատապ – ՀՄԸՄ

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` Ռիատա Ուալ Ատապ – ՀՄԸՄ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան երկու մրցումներ: Այդ մրցումներէն մէկուն, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը պիտի մեկնի հիւսիս, ուր Թրիփոլիի մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Ռիատա Ուալ Ատապի: Մրցումը պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին: Ներկայ դրութեամբ, ՀՄԸՄ 11 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը, մինչ Ռիատա Ուալ Ատապ 7 կէտով` 9-րդ դիրքը: Սակայն խումբերը ի՛նչ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն` Պարտուելէ Ետք Թատամոնէն (86-78)

ՀՄԸՄ - Թատամոն երէկուան մրցումէնPROFOTO Շիահի քաղաքապետարանի համալիրին մէջ տեղի ունեցած Հանրի Շալհուպի անուան պասքեթպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ ամբողջացան կիսաւարտականի մրցումները եւ բնականաբար յստակացան աւարտական հասնող խումբերուն անունները: Առաջին մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Թատամոնը եւ ՀՄԸՄ-ը, աւարտեցաւ քեսըրուանեան կազմին յաղթանակով` 86-78 արդիւնքով (21-23, 48-41, 64-58 եւ 86-78): Ինչպէս նկատելի է, ՀՄԸՄ միայն առաջին քորթըրին գերազանցեց իր մրցակիցին, այդ...

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Հայաստան Տարին Աւարտեց 123-րդ Դիրքին Վրայ

ՖԻՖԱ-ն երէկ հրապարակեց 2015 տարուան վերջին դասաւորումը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 4 դիրքի ոստում մը արձանագրելով տարին աւարտեց 123-րդ դիրքին վրայ` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 285 կէտ: Պելճիքա մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ` 1494 կէտով, մինչ անոր ետին յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւեցին Արժանթին (1455) եւ Սպանիա (1370): Իսկ 4-էն 10-րդ դիրքերը յաջորդաբար գրաւեցին Գերմանիա (1347), Չիլի (1273), Պրազիլ (1251),...

Հայաստան Պիտի Հիւրընկալէ Եւրոպայի 19 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութեան Զտումի Մրցաշարքը

Հայաստան Պիտի Հիւրընկալէ Եւրոպայի 19 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութեան Զտումի Մրցաշարքը

Երէկ` հինգշաբթի, 3 դեկտեմբերին, Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար 2016-2017-ի ախոյեանութեան զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ մաս կազմեց Է. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Զուիցերիան, Իտալիան եւ Հունգարիան: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքին համաձայն, Է. խմբակին զտումի մրցումները տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մէջ` 10-15 նոյեմբեր 2016-ին: Այս մասին Նիոնէն ֆետերասիոնին...

Անգլիոյ Ֆութպոլի Լիկայի Բաժակի Մրցաշարք. Էվըրթըն – Մանչեսթըր Սիթի Եւ Սթոք Սիթի – Լիվըրփուլ Կիսաւարտականի Ճակատումներ

  Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին տեղի ունեցան Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 5-րդ հանգրուանի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան կիսաւարտականին հասնող խումբերը: Բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրելով` Լիվըրփուլ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, 6-1 արդիւնքով ջախջախելէ ետք Սաութհեմփթընը: Թէեւ հիւրընկալ խումբը մրցումին առաջին վայրկեանին նշանակեց կոլ մը` շնորհիւ Սատիօ Մանէի, սակայն Եիւրկըն Քլոփի կազմը պատասխանեց վեց անգամ: Տիվոք Օրիկի հեթրիք...

«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզի 3-րդ Յաղթանակը

Քոպի Պրայընթ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան 9 ճակատումներ: Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ հիւրն էր Ուաշինկթըն Ուիզըրտծի, արձանագրեց տարեշրջանի իր 3-րդ յաղթանակը` 108-104 արդիւնքով: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քոպի Պրայընթ նշանակեց 31 կէտ: Տիթրոյիթ Փիսթընզ - Ֆէօնիքս Սանզ մրցումը միակն ըլլալով աւարտեցաւ երկարաձգումէն ետք` 127-122 արդիւնքով, ի նպաստ Փիսթընզի: Ռեճի Ճեքսըն (Փիսթընզ) նշանակեց 34 կէտ: Կոլտըն Սթէյթ...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջի մրցումներուն արդիւնքները, տուաւ շարք մը որոշումներ, ինչպէս նաեւ հրապարակեց շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը: Կազմուեցան տարբեր տեսակի յանձնախումբեր` Լիբանանի ֆութպոլի տարբեր տարիքի ազգային խումբերուն գծով: Պարժալունա ակումբը երկու միլիոն հինգ հարիւր հազար լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ` նկատի ունենալով, որ անիկա քաշուեցաւ երիտասարդներու ֆութպոլի ախոյեանութենէն: Նախորդ շաբաթավերջին դեղին քարտ...

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Թատամոն

ՀՄԸՄ-ի կազմըPROFOTO Օրուան մը հանգիստէն ետք, այսօր կը շարունակուի Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունենալիք Հանրի Շալհուպի անուան տղոց պասքեթպոլի մրցաշարքը, երբ տեղի կ՛ունենան կիսաւարտականի մրցումները: Առաջին մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 17:45-ին, իրարու դէմ պիտի հանէ ՀՄԸՄ-ը եւ Թատամոնը: Երկու կազմերն ալ բաւական լաւ ձեւով պատրաստուած են այս մրցաշարքին եւ պիտի տան իրենց առաւելագոյնը` հասնելու համար աւարտականին: Կ՛ակնկալուի, որ երկու...

Page 1157 of 1276 1 … 1,156 1,157 1,158 … 1,276

Արխիւներ