Հանրի Շալհուպի անուան տղոց պասքեթպոլի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող ՀՄԸՄ, որ իր կատարած առաջին մրցումին 93-82 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պիպլոսէն, շատերու համար ստեղծեց այն տպաւորութիւնը, որ լաւ ձեւով պատրաստուած չէ նոր տարեշրջանին:
Սակայն երէկուան մրցումը եկաւ փաստելու, որ ՀՄԸՄ շատ լաւ ձեւով պատրաստուած է եւ ունի զօրաւոր կազմ մը, որ կրնայ պարտութեան մատնել որեւէ խումբ` նկատի ունենալով երէկ Լուէյզիի դէմ արձանագրուած յաղթանակը, որ լաւագոյն ապացոյցը եղաւ խումբին պատրաստուածութեան` ՀՄԸՄ-ը հաստատ քայլերով հասցնելով աւարտականին:
Մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով` 96-72 արդիւնքով (20-23, 37-48, 54-74 եւ 72-96):
ՀՄԸՄ-ի խմբապետ Սեւակ Քեթենճեան բաւական տպաւորիչ մրցում մը կատարելով (29′ 34″) նշանակեց 5 հատ երեք կէտնոց կողով` ընդամէնը նշանակելով 19 կէտ:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ճասթին Թապզ (27), որ դաշտ ներկայացաւ 37′ 12″ ժամանակով: Նատիմ Սուէյտ (35′ 10″) նշանակեց 18 կէտ, մինչ 15 կէտ նշանակեց Ճեքսըն Տուայնէ:
Նշենք, որ հայ մարզիկներէն դաշտ ներկայացան նաեւ Հայկ Խաչերեան (2′ 11″) եւ Րաֆֆի Խալոյեան (1′ 48″):
Այստեղ կ՛արժէ նշել, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները, որոնք իրենց երկրորդ մրցումը կատարեցին երէկ, հետզհետէ աւելի կը հասկնան իրարու եւ անկասկած յաջորդ, երրորդ մրցումը` կիսաւարտականը, շատ աւելի տարբեր եւ լաւ պիտի ըլլայ նախորդներէն: