Երէկ` չորեքշաբթի, 2 դեկտեմբերին, Թաշքենդի մէջ տեղի ունեցաւ Ասիոյ ֆութսալի 2016-ի բաժակի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը: Այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 10-21 փետրուար 2016-ին, Ուզպեքիստանի մէջ: Անոր արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան Քոլոմպիոյ մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցողները:
Լիբանան, որ մաս կազմեց Ա. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Խըրխըզիստանը, Սէուտական Արաբիան եւ հիւրընկալ երկիրը` Ուզպեքիստանը:
Նշենք, որ բաժակի այս մրցաշարքին մաս կը կազմեն 16 խումբեր: