Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ աւարտեցաւ ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ակումբներու ախոյեանութիւնը, որուն Հայաստանը կը ներկայացնէր Տաշիր ակումբը:
Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը երէկ յայտնեց, որ պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին Տաշիր 8-0 արդիւնքով պարտուեցաւ իրանեան Քեֆայաթիէն:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 15 ակումբներ, որոնցմէ չորսը իրանեան ակումբներ էին: