
Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամներ, աշխարհի եւ Եւրոպայի 2013-ի ախոյեան Դաւիթ Սաֆարեան եւ Եւրոպայի 2014-ի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Գարիկ Բարսեղեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Շեւայլ Նուսուեւի յուշամրցաշարքին, կը յայտնէ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքը:
Երկար դադարէ մը ետք, Հայաստանի հաւաքականին միացաւ նաեւ Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն մասնակցած Հաճիմուրատ Նուրմակոմետով, որ իր կարգին կը մասնակցի այս յուշամրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 4-5 դեկտեմբերին, Մոսկուայի բանակայիններու մարզահամալիրին մէջ:


