Գերմանական Համպուրկ քաղաքի բնակչութեան 51,6 առ հարիւրը հանրաքուէի ընթացքին դէմ քուէարկած է 2024-ի ողիմպիական խաղերը հիւրընկալելուն, կը յայտնէ Հայաստանի ազգային ողիմպիականի պաշտօնական կայքը:
Հանրաքուէի այս արդիւնքէն ետք, Համպուրկ այսպիսով դուրս կը մնայ հետագայ պայքարէն:
Հետեւաբար 2024-ի ողիմպիական խաղերը հիւրընկալելու համար կը պայքարին Փարիզ, Հռոմ, Լոս Անճելըս եւ Պուտափեշթ:
Նշենք, որ հիւրընկալ երկրին ընտրութեան անունը կը յստականայ սեպտեմբեր 2017-ին: