Մարզական

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Մինի-Պասքեթպոլին Մասնակցեցան  97 Երկսեռ Աշակերտներ

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Մինի-Պասքեթպոլին Մասնակցեցան 97 Երկսեռ Աշակերտներ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած «մինի-պասքեթպոլ»-ի մրցումները տեղի ունեցան կիրակի, 29 նոյեմբեր 2015-ին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 97 աշակերտ-աշակերտուհիներ` Համազգայինի Մել. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան, Հայ կաթողիկէ Անարատ Յղութեան Ս. Հռիփսիմեանց, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ - Հարպոյեան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան, Ազգային Ս. Խանամիրեան եւ Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարաններէն: Առաւօտեան օդերեւութական աննպաստ պայմանները երբեք պատճառ...

Ծանրաբարձութիւն. Հայաստան Ողիմպիականի 5 Տոմս Ապահովեց

Հայաստանի ծանրաբարձութեան տղոց հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Փաշիկ Ալավերդեան Հայաստանի ազգային ողիմպիականի պաշտօնական կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ նախորդ շաբաթ Հիուսթընի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցած աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան: Ան հարցազրոյցին ընթացքին մասնաւորաբար ըսաւ. «Հայաստանի տղոց հաւաքականը կատարեց իր առջեւ դրուած խնդիրը: Մենք ձեռք ձգեցինք ողիմպիականի 5 տոմս: Կրնամ ըսել, որ մեր առաքելութիւնը լիուլի կատարեցինք: Իւրաքանչիւր մարզիկի կատարած ճակատումէն...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Կիրակի, 6 Դեկտեմբերին` Փինկ Փոնկի Մրցաշարքը

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Կիրակի, 6 Դեկտեմբերին` Փինկ Փոնկի Մրցաշարքը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը կազմակերպած է «փինկ-փոնկ»-ի մրցաշարք մը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Սերժ Թովմասեան» սրահին մէջ, կիրակի, 6 դեկտեմբեր 2015-ին, ժամը 13:00-էն 19:00: Պայման է, որ աշակերտները սրահ ներկայ գտնուին առաւելագոյնը ժամը 12:00-ին` ստուգման եւ վիճակաձգութեան համար: Մրցումին կրնան մասնակցիլ 1998-1999, 2000-2001, 2002-2003 եւ 2004-2005-ի ծնունդ 4 աշակերտ եւ 4 աշակերտուհի` իւրաքանչիւր տարիքի: Անուանացանկերը պէտք է ներկայացուած ըլլան...

Հեծելարշաւ.  Լիբանանի Ֆետերասիոնը Հրապարակեց 2015-ի Վերջնական Դասաւորումը

Հեծելարշաւ. Լիբանանի Ֆետերասիոնը Հրապարակեց 2015-ի Վերջնական Դասաւորումը

Էլիաս Ապու Ռաշիտ Եուսեֆ Մրատ Նկատի ունենալով, որ այս տարեշրջանը աւարտեցաւ, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը հրապարակեց 2015-ի վերջնական դասաւորումը, որ ներկայացուց հետեւեալ պատկերը. ՄԵԾԵՐ ԿԷՏ 1.- Էլիաս Ապու Ռաշիտ (Աթլեթիքօ Պէյրութ) 93 2.- Զահեր Հաժ (Աթլեթիքօ Պէյրութ) 85 3.- Քամալ Շաապան (Շեպիպեթ Սալաաթա) 77 4.- Ապտալլա Աար (Շեպիպեթ Սալաաթա) 67 5.- Ռեմոն Հոպէյքա (Աթլեթիքօ Պէյրութ) 28 6.- Գէորգ Ալթունեան (ՀՄԸՄ Պէյրութ)...

Հայկական Ֆութպոլ.  Ալաշկերտ Դադարը Սկսաւ Պարագլուխի Դիրքին Վրայ

Հայկական Ֆութպոլ. Ալաշկերտ Դադարը Սկսաւ Պարագլուխի Դիրքին Վրայ

15-րդ հանգրուանի մրցումներով, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, աւարտեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան աշնանային հանգրուանը: Ալաշկերտ դադարը սկսաւ իբրեւ յառաջատար, իսկ գործող ախոյեան Փիւնիկ գրաւեց 2-րդ դիրքը: 3-րդ դիրքին վրայ գտնուող Արարատ, թէեւ առաջին շրջանին անյաջող հանդէս եկաւ, սակայն երկրորդին բարձրունքի վրայ էր եւ ոչ մէկ պարտութիւն կրեց: Ստորեւ կու տանք 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները. Փիւնիկ - Ալաշկերտ 0-0...

Վալենսիայի Մարզիչը Հրաժարեցաւ

Սեւիլլայէն իր կազմին կրած պարտութենէն ետք (1-0), Վալենսիայի մարզիչ Նունու Էսփիրիթու Սանթու ներկայացուց իր հրաժարականը: Սակայն ակումբի նախագահ Փեթըր Լիմ անոր թելադրեց, որ վերստին քննէ, իր տուած որոշումը եւ անկէ ետդարձ կատարէ: Նշենք, որ 41 տարեկան փորթուգալցին Վալենսիայի մարզիչն է 2014-էն ի վեր: Իր կազմին կրած այս պարտութենէն ետք, Վալենսիա «Լա լիկա»-ի դասաւորման մէջ 19 կէտով կը գրաւէ 9-րդ դիրքը:...

Ռոնալտոյի 100-րդ Փենալթին

Նախորդ շաբաթավերջին «Լա լիկա»-ի 13-րդ հանգրուանին Էյպարի դէմ Ռէալ Մատրիտի արձանագրած յաղթանակը եղաւ յիշատակելի դէպք մը փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի համար` նկատի ունենալով, որ ան նշանակեց իր կազմին կոլերէն մէկը` փենալթիով: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Մարքա»-ն, ան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առիթը ունեցաւ բազմիցս ցնցելու մրցակիցին բերդը: Ընդհանուր առմամբ, 30 տարեկան ֆութպոլիստը այդ 100 փենալթիներէն կոլի վերածեց 86-ը: Ան այս տարեշրջանին,...

Արտակ Ալեքսանեան Կերտեց Թորփետոյի Յաղթանակը

Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 24-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Արմաւիրի Թորփետոն նուազագոյն հաշուով յաղթեց Վոլքա Նովկորոտին: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց հայ միջնապահ Արտակ Ալեքսանեան` 48-րդ վայրկեանին: Նշենք, որ իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Թորփետօ ապահովեց տարեշրջանի իր 16-րդ կէտը:    

Արտակ Դաշեան` Կոլի Հեղինակ

Մակեդոնիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Վարտար իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Ռենովայի: Մրցումին 47-րդ վայրկեանին հաշիւը բացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արտակ Դաշեան, որ 77-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: Անոր խմբակից Յովհաննէս Համբարձումեան կախակայուած ըլլալուն պատճառով բացակայեցաւ այս մրցումէն: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Վարտար 39 կէտով առանձնացաւ պարագլուխի դիրքին վրայ, կը յայտնէ ArmSport.am:

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Յաղթեց, ՀՄԸՄ Պէյրութ Պարտուեցաւ

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրելով 11-4 արդիւնքով (կիսախաղ` 6-1) պարտութեան մատնեց Ֆըրզոլը: Սակայն Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պէյրութ 7-2 արդիւնքով պարտուեցաւ Ղըպէյրիէն:

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Արձանագրեց Տարեշրջանի Իր 3-րդ Յաղթանակը

Երէկուան մրցումէն Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը արձանագրեց տարեշրջանի իր 3-րդ յաղթանակը, երբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին 1-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Ահլի Նապաթիէին: Մրցակից կազմը, որ կը գրաւէ դասաւորման 2-րդ դիրքը, նախքան իր այս մրցումը կատարելը կրած էր մէկ պարտութիւն միայն: Մրցումը սկսաւ...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներու Արդիւնքներ

ԱՆԳԼԻԱ. 14-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. Պուրնըմաութ-  Էվըրթըն 3-3 Ասթոն Վիլա - Ուաթֆորտ 2-3 Քրիսթալ Փալաս -  Նիւքասըլ 5-1 Մանչեսթըր Սիթի - Սաութհեմփթըն 3-1 Սանտըրլենտ -  Սթոք Սիթի 2-0 Լայսթըր Սիթի -  Մանչեսթըր Եունայթըտ 1-1 Թոթենհամ -  Չելսի 0-0 Ուեսթ Համ - Ուեսթ Պրոմուիչ 1-1 Լիվըրփուլ - Սուանզի 1-0 Նորուիչ - Արսենալ 1-1 ԻՏԱԼԻԱ. 14-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. Թորինօ - Պոլոնիա 2-0 Ա. Սէ. Միլան...

Ո՞Վ Է Թագաւոր

Վերջին քանի մը տարիներուն ֆութպոլի համակիրներուն միջեւ ընդհանուր հասկացողութիւն մը կայ, որ Ռոնալտօ եւ Մեսսի աշխարհի ամէնէն լաւ ֆութպոլիստներն են: Անշուշտ կարելի է վիճիլ, որ երկուքէն ո՛վ լաւագոյնն է, սակայն ոչ ոք կրնայ ուրանալ, որ այս երկուքը մնացեալներէն քանի մը գլուխ բարձր են: Այս տպաւորութիւնը նաեւ առարկայական է: Տարեկան «Ոսկիէ գնդակ»-ին Մեսսի արժանացած է 2009-ին, 2010-ին, 2011-ին եւ 2012-ին Ռոնալտօ...

«Էն. Պի. Էյ.». Ախոյեանի 17-րդ Անընդմէջ Յաղթանակը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ ցարդ անպարտելի Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, մրցակիցին դաշտին վրայ յաղթեց Ֆենիքսին` նուաճելով 17-րդ անընդմէջ յաղթանակը, նաեւ հաստատելով մրցանիշ մը: Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի մարզիկ Սթիուըն Քարին նշանակեց 41 կէտ: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն արդիւնքները. Շարլոթ Հոռնեթց - Քլիվլենտ Քաւալիրզ 90-95 Օրլանտօ Մեճիք - Միլուոքի Պաքս 114-90 Պոսթըն Սելթիքս - Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 111-78 Նիւ Եորք Նիքս -...

Ծանրաբարձութիւն. Աշխարհի Ախոյեանութիւն-2015. Հայ Ծանրաբարձներու Արդիւնքները

Միացեալ Նահանգներու Հիուսթըն քաղաքին մէջ աւարտած ծանրաբարձութեան աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին Հայաստանի ազգային հաւաքականը գրաւեց 16-րդ դիրքը: Հայ մարզիկներէն լաւագոյն արդիւնքը ցուցադրեցին 77 քկ դասակարգին մէջ Անդրանիկ Կարապետեանն ու գերծանր դասակարգին մէջ Գոռ Մինասեանը, որոնք երկամարտի մէջ  գրաւեցին չորրորդ դիրքը եւ նաեւ նուաճեցին մէկական փոքր պրոնզ մետալ: Պատանեկան Ողիմպիական խաղերու ախոյեան Սիմոն Մարտիրոսեան նոյնպէս պրոնզէ մետալակիր դարձաւ պոկում վարժութեան մէջ իսկ...

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ-ի Զոյգ Խումբերն Ալ Պարտուեցան

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ-ի Խումբերը Այսօր Կը Մրցին Նոյն Ժամուն

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի զոյգ խումբերը իրենց մրցումները կը կատարեն այսօր` միեւնոյն ժամուն, երեկոյեան ժամը 18:00-ին: Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցի Ղըպէյրիի դէմ` վերջինին դաշտին վրայ: Իսկ Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Սատաքայի դաշտին վրայ կը մրցի Ֆըրզոլի դէմ:

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Ահլի Նապաթիէ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 29 նոյեմբերին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մրցի Ահլի Նապաթիէի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն ամէն գնով կ՛ակնկալուի առաւելագոյն 3 կէտը խլել իրենց մրցակիցէն` դասաւորման մէջ վերին դիրքեր աւելի բարձրանալու համար: Նշենք, որ երէկ այս հանգրուանին...

Վաղը Ճատրակի Միօրեայ Մրցաշարք` Ֆրեր Ֆըրն Շըպպեքի Վարժարանին Մէջ

Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով, Նոթրը Տամ-Ֆրեր Ֆըրն Շըպպեքի վարժարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ ճատրակի միօրեայ մրցաշարք մը, վաղը` կիրակի, 29 նոյեմբերին: Մրցաշարքը, որ պիտի սկսի ժամը 11:00-ին, կ՛ակնկալուի, որ աւարտի ժամը 17:00-ին, կը յայտնէ կազմակերպիչ վարժարանը: Տեղի պիտի ունենան տարիքային մրցումներ` 8-էն 18 տարեկան երկսեռ մասնակցողներու միջեւ: Արձանագրութեան կամ յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար պէտք է կապ հաստատել` հեռաձայնելով 03-883225 թիւին:  

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Լայսթըր Սիթի – Մանչեսթըր Եունայթըտ

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատում մը պիտի ըլլայ Լայսթըր Սիթի - Մանչեսթըր Եունայթըտ գագաթի մրցումը` պարագլուխի դիրքին համար մղուող պայքարին գծով: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ նշուած են խումբերուն գրաւած դիրքերը` ընդհանուր դասաւորման մէջ). ԱՆԳԼԻԱ. 14-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ԱՅՍՕՐ            ԺԱՄ Պուրնըմաութ (19) - Էվըրթըն (7) 17:00 Ասթոն Վիլա...

Հայաստանի Հաւաքականը Յառաջիկայ Մարտին Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում Մը Կը Նախատեսէ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան քանի մը օր առաջ մարզական լրագրողներուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին: «Կը նախատեսենք յառաջիկայ տարուան մարտին ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը կատարել Երեւանի մէջ: Մինչ այդ, սակայն, կը փորձենք լուծել գլխաւոր մարզիչի հարցը: Ֆութպոլիստներուն հետ անպայման զրոյց կ՛ունենանք` պարզելու, թէ ի՞նչ քայլեր պէտք է առնել` այդ իրավիճակէն դուրս գալու...

Page 1159 of 1276 1 … 1,158 1,159 1,160 … 1,276

Արխիւներ