
ՖԻՏԷ-ին կողմէ հրապարակուած դեկտեմբեր ամսուան նոր դասաւորման մէջ Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան մէկ դիրքի ոստում մը արձանագրելով այժմ կը գրաւէ 6-րդ դիրքը:
Պարագլուխի դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն (2834), որուն կը յաջորդէ պուլկարացի Վեսելին Թոփալով (2803):
Գաբրիէլ Սարգսեան իր դիրքը բարելաւեց 9 դիրքով եւ այժմ 43-րդ է:
Սակայն Սերկէյ Մովսիսեան 12 դիրքի նահանջ մը արձանագրելով այժմ կը գտնուի 88-րդ դիրքին վրայ:
ArmSport.am մարզական լրատուական կայքը աւելցուց, որ լաւագոյն հարիւրին մէջ ընդգրկուեցաւ Հրանդ Մելքումեան (2654), որ 95-րդ է:


