Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով տեղի ունեցաւ փինկ փոնկի տարիքային մրցաշարք մը` ի յիշատակ Ժան Ապաճեանի:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմաթիւ երկսեռ մարզիկներ, բաժնուած` տարբեր դասակարգերու:
Այս մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 29 նոյեմբերին, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները տիրացան 5 առաջնութիւններու` նկատի ունենալով, որ այս անգամ մասնակցեցան նաեւ տեղացի մարզիկներ ալ:
Մեծ տղոց մրցաշարքին տիտղոսին տիրացաւ Պերճ Կէօքկէօզեան, որ աւարտականին 3-1 արդիւնքով յաղթեց Էլի Ճոյին:
Աղջկանց 15 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Ճենիֆըր Խայեաթ 3-0 արդիւնքով յաղթելով Նաթալի Նալպանտեանին, հանդիսացաւ առաջին:
Ճօ Նասսար (15 տարեկանէն վար), հանդիսացաւ առաջին` 3-1 արդիւնքով յաղթելով Նարեկ Փանոսեանի:
Աղջկանց 12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, Լորի Եահնիեան գրաւեց առաջին դիրքը` 3-2 արդիւնքով յաղթելով Նանար Պայրամեանի:
Վերջապէս, տղոց 12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, ՀՄԸՄ-ի հինգերորդ առաջնութիւնը ապահովողը հանդիսացաւ Շարպել Նասսար, որ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Փաուլօ Խայեաթի:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: