Հայ թենիսվումըններ Անի Ամիրաղեան եւ 16 տարեկան Կապրիելա Յակոբեան, որոնք Թուրքիոյ մէջ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն թենիսի երկու տարբեր մրցաշարքերու, կ՛արձանագրեն բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ:
Կապրիելա Յակոբեան բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով յաղթելէ ետք իր թուրք մրցակիցին` Լարա Պիտերին, անցաւ յաջորդ հանգրուան, ուր սակայն պարտուեցաւ ֆրանսացի իր մրցակիցէն` Ժիւլի Ռենսոնէն:
Ինչ կը վերաբերի Ամիրաղեանի, ան եւս իր կատարած առաջին մրցումին (1-16-րդ հանգրուան) թէեւ յաղթեց պուլկարացի իր մրցակիցին` Ժուլիա Սթամաթովային, սակայն յաջորդ մրցումին պարտուեցաւ ռումանացի Ճիորճինա Սերպանէն:
Նշենք սակայն, որ հայ մարզիկները կը շարունակեն մրցաշարքը, որովհետեւ կը մասնակցին զոյգի մրցումներուն: