
Դանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին անուանի ֆութպոլիստ Միքայէլ Լաուտրուփ մերժեց երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչի պաշտօնը ստանձնել: Պաշտօնի ստանձնումի առաջարկը ներկայացուցած էր երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնը, կը յայտնէ ֆրանսական «Լ՛Էքիփ» մարզական օրաթերթը:
51 տարեկան Լաուտրուփ ըսաւ, որ այդ մերժումին պատճառը անձնական է, կապուած չէ որեւէ այլ հարցի հետ եւ առնչութիւն չունի անհատի մը հետ:
Նշենք, որ նախորդ յունիսէն ի վեր Լաուտրուփ կը մնայ անգործ:
Այժմ Դանիա առանց մարզիչի է` նկատի ունենալով, որ Շուէտի դէմ տեղի ունեցած Եուրօ-2016-ի փլէյ-օֆի մրցումէն ետք Մորթըն Օլսըն ներկայացուց իր հրաժարականը` իր այդ պաշտօնին վրայ 15 տարի մնալէ ետք:


