Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուբէն Հայրապետեան Հանդիպում Ունեցաւ «Ռետ Իկըլզ» Համակիրներու Շարժումին Անդամներուն Հետ

December 2, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռուբէն Հայրապետեան
Ռուբէն Հայրապետեան
Միշել Տէր Զաքարեան
Միշել Տէր Զաքարեան

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան, ֆետերասիոնի իր գրասենեակին մէջ հանդիպում ունեցաւ «Ռետ Իկըլզ» համակիրներու շարժումին անդամներուն հետ:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած այս հանդիպումին ընթացքին Հայրապետեան պատասխանեց շարժումին անդամներուն բոլոր հարցումներուն, որոնք կը վերաբերին այս օրերուն շրջան ընող խնդիրներուն, համակիրներուն պահանջներուն, կապուած` ազգային հաւաքականի մրցումներուն տոմսերուն, գլխաւոր մարզիչի նշանակման հետ եւ այլն:

Մէկ խօսքով, կարելի է ըսել, որ երկու կողմերուն միջեւ կատարուեցաւ անկեղծ երկխօսութիւն-զրոյց:

Հայրապետեան խօսեցաւ նաեւ իր պաշտօնավարութեան հարցին մասին` նշելով, որ եթէ Հայաստան չյաջողի 2018-ի Մոնտիալին իր տոմսը ապահովել, ինք պիտի ներկայացնէ իր հրաժարականը:

Հայրապետեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնին թափուր մնալու խնդիրին վերջ տալու հարցին:

Ան ըսաւ, որ երրորդ անգամ ըլլալով պիտի դիմէ Նանթի գլխաւոր մարզիչ Միշել Տէր Զաքարեանին` այս պաշտօնը ստանձնելու համար:

Անոր կարծիքով, ազգային հաւաքականին մարզիչը պէտք է ըլլայ հայ, որովհետեւ հայ ֆութպոլիստին մտածելակերպը միայն հայ մասնագէտը կրնայ հասկնալ:

Շատ հաւանական է, ըսաւ Հայրապետեան, որ դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին յստականայ նոր գլխաւոր մարզիչին անունը:

Իսկ ինչ կը վերաբերի տոմսերու գիներուն հարցին Հայրապետեան ըսաւ, որ այդ հարցը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին մեծ լրջութեամբ պիտի քննարկէ:

Վերջապէս, Հայրապետեան ըսաւ, որ շատ հաւանաբար Հայաստան իր ֆութպոլի բարեկամական յաջորդ մրցումը կատարէ Ուզպեքիստանի դէմ:

 

Նախորդը

Համպուրկ Չ՛ուզեր Հիւրընկալել 2024-ի Ողիմպիական Խաղերը

Յաջորդը

Լիբանանի Պասքեթպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Երկուշաբթի, 7 Դեկտեմբերին` ՀՄԸՄ – Պիպլոս

RelatedPosts

«Էմ. Էմ. Էյ.»  Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

October 29, 2026
Թենիս.  Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Թենիս. Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

October 29, 2026
Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ  Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ
Մարզական

Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.