Հրաչ Եաքան. «Ինչպէս Բոլոր Հայ Ֆութպոլիստները, Ես Ալ Կը Փափաքիմ Հայաստանի Հաւաքական Հրաւիրուիլ»
Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստ Հրաչ Եաքան, որ նախորդ մարտէն ի վեր հանդէս կու գայ զուիցերիական Սերվեթ ակումբին հետ, ArmSport.am հայկական լրատուական կայքին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ այս տարեշրջանին իր ունեցած ելոյթներուն եւ հաւաքականին հետ խաղալու իր ունեցած փափաքին: «Տարին կրնամ յաջող նկատել, որովհետեւ ինքզինքս շատ լաւ կը զգամ Սերվեթի հետ: Անոր կատարած բոլոր մրցումներուն ալ...







